*ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ*
Օհայօ նահանգի Սինսինաթի քաղաքի կենդանաբնական պարտէզը կը նկատուի՝ աշխարհի լաւագոյն կենդանաբանական պարտէզներէն մին։ Հոն վերջերս պատահած ողբերգական դէպքը մեծ աղմուկ յառաջացուց, արձագանգ հանդիսանալով ամերիկեան հեռատեսիլի բոլոր կայաններէն։
Արդարեւ ընտանիքին հետ վերոյիշեալ կենդանաբնական պարտէզը այցելութեան գացած 3 տարեկան մանչուկ մը, արկածով մը ինքզինք կը գտնէ կորիլլաներու յատկացուած շրջափակին մէջ (տես նկարը)։ Հետաքրքրութենէ մղուած այդ փոքրիկ երախան՝ մետաղաթել ցանկապատի ճեղքէն անցնելով գլորած էր վար։
Իսկ շրջափակի բնակիչներէն 17 տարեկան այր կորիլլա մը՝ խաղալիք կարծելով սկսած էր հոս-հոն քաշքշել փոքրիկ այդ մանչուկը, մեծապէս վտանգելով անոր կեանքը։ Այսպիսով կենդանաբնական պարտէզի պատասխանատու մարմինները դէմ-յանդիման գտնուեցան երկսայրի սուրի մը՝ դժուարին կացութեան մէջ յայտնուելով։
Փրկել մանչուկը, թէ՞ ազատել կորիլլային կեանքը։ Մեր հասկացողութեամբ՝ նախընտրութիւնը շատ յստակ է։ Մենք կը խորհինք, որ մարդկային կեանքը շատ աւելի արժէքաւոր է՝ քան թէ անասունի մը, որքան որ ալ ան պատկանի «վտանգուած տեսակ»ի (endangered species) դասակարգին։
Բարեբախտաբար կենդանաբնական պարտէզի պատասխանատուներն ալ նոյն դիրքը որդեգրելով, սպաննեցին կորիլլան եւ փրկեցին մանուկին կեանքը։ Սակայն այս որոշումը բնաւ թիւր չեկաւ կենդանիներու իրաւունքներու պաշտպան մարդկանց։ Անոնք ջատագովը կը հանդիսանային այն վարկածին, ըստ որուն կորիլլան պէտք էր, որ հանդարտեցուցիչ ասեղով մը (tranquilizer) հանգստութան մատնուելով փրկուէր…։
Գտնուեցան նաեւ մարդիկ, որոնք կ՛ուզէին դատապարտել մանչուկին մայրը՝ որուն անհոգութեան պատճառաւ վտանգուած էր երախային կեանքը։ Անոնք կը խորհէին, որ մայրը պէտք է դատարան յանձնուի, իր արժանի ու արդար պատիժը գտնելու համար։
Մտահոգ մարդոց ուրիշ խումբ մըն ալ սկսած է դատապարտել կենդանաբնական պարտէզի պատասխանատուները՝ առարկելով, թէ անոնք թերացած էին լաւագոյն մետաղաթել ցանկապատով պատսպարելու կորիլլաներու բնակութեան միջավայրը։
Բնական է, որ նման տխրահռչակ դէպքի մը հետեւանքով, մարդոց զանազան խմբաւորումներ արտայայտեն իրենց թեր ու դէմ կարծիքները, դատապարտելով այս կամ այն կողմը։ Ի վերջոյ մենք կ՛ապրինք երկիրի մը մէջ, որ ջատագովն է խօսքի ազատութեան…։