Յունիս 24-ին Հռոմի սրբազան քահանայապետ Ֆրանչիսկոս պապը պիտի ժամանէ Հայաստան: Պապի Հայաստան այցի օրակարգը ներկայացուցած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տէր Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեան: Անոր տեղեկացմամբ եռօրեայ այցի ծիրէն ներս Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէ ետք, Պապը պիտի մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին. Մայր Տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Բարի գալուստի` «Հրաշափառ»-ի արարողութիւն: Նոյն օրը երեկոյեան սրբազան քահանայապետը ՀՀ նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ:
Այցի առաջին օրը պիտի ամփոփուի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ կայանալիք Ֆրանչիսկոս Պապի եւ Գարեգին 2-րդ ամենայն հայոց կաթողիկոսի հանդիպմամբ: Նոյն օրը երեկոյեան մայրաքաղաքի հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ ընդհանրական արարողութիւն եւ Խաղաղութեան աղօթք: Տէր Շահէ ծայրագոյն վարդապետ Անանեանի խօսքով` սա Հռոմի Պապի Հայաստան այցի ծիրէն ներս, հաւանաբար ամենահանդիսաւոր ու մարդաշատ միջոցառումն է:
Յունիս 26-ին Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ Պապը հանդիպում պիտի ունենայ Հայ կաթողիկէ եպիսկոպոսներու հետ, պիտի մասնակցի Ս. Պատարագի արարողութեան ու ընդհանուր ճաշկերոյթին` Ամենայն հայոց կաթողիկոսի, Հայաստանեայց առաքելական, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ եկեղեցիներու անդամներու եւ պապական պատուիրակութեան հետ:
Նոյն օրը կը նախատեսուի համատեղ յայտարարութեան ստորագրում: Յայտարարութեան բնագիրը նախապէս պիտի տրամադրուի լրատուամիջոցներուն: Հովուապետները նաեւ աղօթք պիտի մատուցանեն Խոր վիրապի վանքին մէջ, որմէ ետք Հռոմի սրբազան քահանայապետը Երեւանէն պիտի մեկնի Հռոմ:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատուն Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հովուապետին Հայաստան այցի նշանակութիւնը կ՛որակէ բազմաշերտ ու քանի մը շեշտադրումներ կ՛ընէ: Նախ 2015-ի Ապրիլին Ֆրանչիսկոս Պապը խոստացած էր այցելել Հայաստան, երկրորդ` առաքելական եւ կաթոլիկ եկեղեցիները բարեկամական ջերմ յարաբերութիւններ ունին եւ այցը ատիկա ամրապնդելու եւ նոր հեռանկրաներ բանալու նպատակ ունի:
Այցի երրորդ կարեւորագոյն նշանակութիւնը՝ երկու հովուապետներուն խաղաղութեան աղօթքը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման ու կրօնական հանդուրժողականութեան հրաշալի ուղերձ կրնայ ըլլալ: