Պունտըսթակի կողմէ Յունիս 2-ին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման վերաբերեալ բանաձեւի ընդունումը՝ գերմանացիներուն մեծամասնութիւնը կ՛ողջունէ, կը գրէ panorama.am-ը:
Ըստ գերմանական առաջատար «Spiegel» պարբերականի` «ARD-Deutschlandtrend»-ի կողմէ իրականացած հարցումներու արդիւնքով` գերմանացիներուն 74%-ը Պունտըսթակի կողմէ հայերու տեղահանումը եւ բնաջնջումը որպէս Ցեղասպանութիւն ճանչնալը ճիշդ կը համարէ:
Հարցուածներուն ճնշող մեծամասնութիւնը Էրտողանի ղեկավարած Թուրքիան յուսալի գործընկեր չի համարեր: Գերմանացիներուն 91 տոկոսը չի վստահիր Էրտողանի կողմէ ղեկավարուող Թուրքիոյ:
Հարցուածներուն միայն 18 տոկոսը սխալ համարած է խորհդարանին կողմէ բանաձեւին ընդունումը եւ 7 տոկոսը կարծիք յայտնած է, որ Թուրքիան վստահելի գործընկեր է:
Միեւնոյն ժամանակ հարցուածներուն 89 տոկոսը պահանջած է, որ Թուրքիան նախեւառաջ իրականացնէ Եւրոպական Միութեան կողմէ առաջադրուած պահանջները եւ յետոյ միայն պահանջէ առանց վիզայի մուտքի կարգը: Եւ միայն 7 տոկոսը կարծիք յայտնած է, որ պէտք է ընդառաջ երթալ Թուրքիոյ պահանջներուն, որպէսզի Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ փախստականներու հարցով ձեռք բերուած համաձայնութիւնը չձախողի: