Մայիս 28-ին Մոսկուայի մէջ մեկնարկեց հայ մեծանուն երգահան եւ դաշնակահար, ԽՍՀՄ ժողովրդական արուեստագէտ Առնօ Պապաճանեանի ծննդեան 95-ամեակին նուիրուած՝ «Քանի դեռ կը յիշեմ, կ’ապրիմ» խորագիրով համերգաշարը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն։
Ձեռնարկին հնչած են Առնօ Պապաճանեանի յայտնի ստեղծագործութիւնները` Հայաստանի եւ Ռուսաստանի էստրատային մեներգիչներու եւ երաժշտական խումբերու կատարմամբ:
Համերգի բացման իր խօսքին մէջ ՌԴի մէջ ՀՀ դեսպան Օլեկ Եսայեան նշեց, որ մեծանուն հայ երգահանի ձգած երաժշտական ժառանգութիւնը ինչպէս Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մէջ, այնպէս ալ ամբողջ յետխորհրդային տարածքին մէջ առ այսօր անտարբեր չէ ձգած որեւէ մէկը: «Առնօ Պապաճանեան այն մեծութիւնն է, որուն կը գնահատեն եւ կը սիրեն հաւասար կերպով թէ՛ իր Հայրենիքին մէջ եւ թէ՛ անոր սահմաններէն դուրս, որովհետեւ անոր արուեստը արտացոլելով հայկական ոգին եւ շունչը, եղած է եւ կը մնայ համամարդկային», ընդգծեց դեսպան Եսայեան: Դեսպանը նաեւ խորհրդանշական անուանեց համերգաշարի մեկնարկի համընկնումը Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան օրուան հետ, քանի որ պետութիւնը բացառիկ հնարաւորութիւն է ազգի մշակութային ժառանգութիւնն ու ներուժը տնօրինելու եւ միւս ժողովուրդներուն զայն մատուցելու համար:
Ըստ ՌԴի մէջ ՀՀ դեսպանին, որպէս բացառիկ երաժիշտ եւ իր գործին մեծ նուիրեալ, Առնօ Պապաճանեանը իր ստեղծագործութիւններուն շնորհիւ յաջողած է միաւորել տարբեր սերունդներ եւ ժողովուրդներ` համամարդկային արժէքներու եւ յատկապէս խաղաղ համակեցութեան գաղափարի շուրջ, որ մեր օրերուն ստեղծուած իրավիճակին մէջ առաւել քան արդիական է:
Մոսկուայի համերգը կազմակերպուած էր Առնօ Պապաճանեանի յիշատակի հիմնադրամի եւ Ռուսաստանի մէջ հայերու միութեան կողմէ` Ռուսաստանի եւ Նոր Նախիջեւանի Հայոց թեմի հովանիի ներքոյ եւ «Համաձայնութիւն» ընկերութեան աջակցութեամբ:
Մեծանուն հայ երգահանի 95-ամեակին նուիրուած համերգաշարը կը շարունակուի մինչեւ տարեվերջ Ռուսաստանի եւ այլ երկիրներու մէջ, ներառեալ նաեւ Հայաստանի ու կ’եզրափակուի Դեկտեմբեր 11-ին` Մոսկուայի Քրեմլի Մեծ դահլիճին մէջ կայանալիք կալա-համերգով: