*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Կ՛ապրինք հակասութիւններով լեցուն աշխարհի մը մէջ, որուն կարգ մը երեւոյթները հասկնալը շատ յաճախ դժուար եղած է ինծի համար:
Երէկ հանդիպեցայ վերի նկարին, որուն մէջ ափրիկեցի տղեկ մը կը փորձէ այս ցեխոտ ջուրը խմել՝ ծարաւը յագեցնելու համար:
Ցաւալի է անշուշտ տեսնել նման թշուառութիւն մը ու լուռ անցնիլ…:
Ինչո՞ւ այս տղեկը այսպիսի ջուր պիտի խմէ…: Ինչո՞ւ Ափրիկէ կամ այլ վայրեր ըմպելի ջուրի տագնապ պիտի ունենան…:
Կը մնայ ամենամեծ ինչուն:
Ինչո՞ւ հսկայ պետութիւններ փոխանակ դիմելու համեմատաբար աւելի դիւրին ու նուազ ծախսալից միջոցներու՝ Երկիր մոլորակի ջուրը աւելի խելացի ձեւով գործածելու եւ միջոցներ գտնելու՝ բնութեան մէջ գտնուող ջուրը զտելու, անհամեմատ հսկայական պիւտճէներ տրամադրած են ելլելու Հրատ մոլորակ… հոն ջուր փնտռելու…:
Եթէ գիտես, լուսաբանէ զիս սիրելի ընթերցող: