Չորեքշաբթի, 19. 02. 2025

spot_img

Գերմանացի Երկու Զոյգեր Իրենց Կարողութիւնը Կտակած Են «Հայաստան» Հիմնադրամին

Գերմանիոյ հայ համայնքը եւրոպական հարեւան երկիրներու համեմատութեամբ  այնքան ալ մեծաթիւ չէ: Շուրջ 40.000 հայեր կ’ապրին Գերմանիոյ մէջ, որոնք սակայն բաւական աշխոյժ մասնակցութիւն ունին համահայկական հարցերուն ու անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ են կանգնելու Հայրենիքի կողքին:

Ատոր ապացոյցը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմինի կազմակերպած բազմաթիւ օգնութիւններն ու ձեռնարկներն են, որոնք վերջին տարիներուն ուղղուած են գլխաւորաբար սուրիահայութեան աջակցելու եւ Գերմանիոյ մէջ Հայ Դատի խնդիրները ներկայացնելու: Այս մասին «Հայերն Այսօր»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Հիմնադրամի Գերմանիոյ տեղական մարմինի ատենապետ Ժիլպեր Մոմճեան:

Հետաքրրական է, որ Հիմնադրամի միջոցով Հայաստանին օգնելու ցանկութիւն կը յայտնեն ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ գերմանացիներ: «Կրնամ ըսել, որ այսօր մեր օգնութիւններուն 100-էն 35 տոկոսի հեղինակները զուտ գերմանացիներ են: Զարմանալի եւ ուրախալի  փաստ մըն ալ կայ. այս տարի գերմանացի երկու զոյգեր իրենց կտակին մէջ նշած էին, որ իրենց կարողութիւնը կը փոխանցեն մեր հիմնադրամին», կը պատմէ ժիլպեր Մոմճեան:

Մեր զրուցակիցը գերմանահայերուն համար կարեւոր ձեռքբերում կը համարէ նաեւ՝ Յունիս 2-ին Պունտըսթակի մէջ սպասուող Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի քննարկումը: Այս թեման ըստ անոր վերջին ամիսներուն առիթ դարձած է, որպէսզի բազմաթիւ հեղինակաւոր պարբերականներ գրեն Հայաստանի ու հայերու մասին: «Ասիկա առիթ է, որ անոնք որոնք նոյնիսկ չէին լսած Հայաստանի եւ Արցախի մասին, իմանան մեր մասին: Առհասարակ կրնամ փաստել, որ հայերը այսօր գերմանացիներուն համար շատ սիրելի ազգ են», կ’եզրափակէ Ժիլպեր Մոմճեան:

«Հայերն Այսօր»

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին