Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Պատգամաւորական Ժողովը Մեկնարկեց

Երեւանի  «Թէքէեան»  Կեդրոնին մէջ երէկ սկիզբ առաւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան 27-րդ Պատգամաւորական  ժողովը:   Ժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Պէյրութէն, Երուսաղէմէն, Մեծն Բրիտանիայէն, Արժանթինէն, Միացեալ Նահանգներէն,  Գանատայէն,   Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Եգիպտոսէն, Աւստրալիայէն, Յորդանանէն եւ Արցախէն  այս առթիւ Երեւան    ժամանած իրենց շրջանակները ներկայացնող պատգամաւորներ:  Ժողովի բացման ուղերձով  հանդէս  եկաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մայք Խարապեան: Ժողովին պաշտօնական բացման ներկայ եղաւ ՀՀ Սփիւռքի Նախարար  Հրանոյշ Յակոբեան, որ ընթերցեց այս   առթիւ  ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի յղած ուղերձը:

Աւելի ուշ երեկոյեան Երեւանի «Մարիոթ» պանդոկի «Արարատ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  ընդունելութիւն մը ներկայութեամբ պաշտօնական հիւրերու: Նշենք, որ  երկու օրերու վրայ  երկարող Պատգամաւորական ժողովի   աւարտին պիտի ընտրուի   ՌԱԿ-ի նոր Կեդրոնական Վարչութիւն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին