Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան մեկնած է Պրիւքսէլ` մասնակցելու Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) ու «Արեւելեան գործընկերութիւն» ծրագիրի երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման:
ԵՄ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Պելառուսիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի ու Ուքրանիոյ իրենց գոծընկերներուն հետ պիտի կայանայ Մայիս 23-ին։
«Ասիկա շատ կարեւոր հանդիպում է` անցեալ տարի Ռիկայի մէջ կայացած երկու գագաթաժողովներու եւ յաջորդ տարի ծրագրուող գագաթաժողովի միջեւ», հանդիպումէն առաջ լրագրողներուն ըսած է ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով ղեկավար Ֆետերիքա Մոկերինին:
Ան շեշտած է, որ ԵՄ-ի համար խիստ կարեւոր է պահպանել հաւասարակշռութիւնը՝ «Դէպի հարաւ ու դէպի արեւելք մեր մտադրութիւններուն միջեւ»։
Տարբեր հարցեր, նոյնիսկ եթէ անոնք դուրս կը մնան հիմնական լրահոսէն, կը շարունակեն առաջնահերթ մնալ Եւրոպական Միութեան օրակարգին վրայ, հաւաստիացուցած է Մոկերինին` աւելցնելով, որ «խօսքը մեր աշխատանքի մասին է Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Մոլտովայի, Պելառուսիոյ, Հայաստանի ու Ազրպէյճանի հետ, որոնց նախագահներուն հանդիպած եմ անցեալ շաբաթ Վիեննայի մէջ»: