Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

«Արեւելքի Սեւ Այգին». bTV-ի Լրահաղորդումը Արցախի Մասին

Պուլկարական bTV առաջատար հեռատեսիլի ալիքը լրահաղորդում մը հրապարակած է Արցախի Հանրապետութենէն` պատմելով Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի, ազրպէյճանական զինուժի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակավայրերու գնդակոծման եւ մշտական կրակոցներու մէջ ապրող արցախցիներու կեանքի մասին, կը հաղորդէ panorama.am-ը:

Տեսանիւթին սկիզբը լրագրող Տեսիսլաւա Ռիզովան կը նշէ, որ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Արցախը նոյնպէս յայտարարեց իր անկախութիւնը, որուն յաջորդեց Ազրպէյճանի կողմէ սկսած պատերազը: Լրագրողին փոխանցմամբ 1994 թուականի հրադադարէն ետք՝ արցախցիները շուրջ 20 տարիներէ աւելի կ՛ապրին մշտական կրակոցներու տակ:

Տեսանիւթին մէջ կ՛երեւին, թէ ինչպէս Մարտակերտի շրջանի բնակիչները հարկադրուած կը լքեն իրենց բնակավայրերը:

Լրագրողը կ՛այցելէ նաեւ Ստեփանակերտի հիւանդանոց, ուր կը բուժուին Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ վիրաւորուած զինուորները: Տեսանիւթին մէջ զինուորները կը պատմեն, թէ ինչպէս խոցած են ազրպէյճանական ռազմական ուղղաթիռը:

«Մենք ունինք անկանխատեսելի հարեւան ու հակառակորդ եւ կը հասկնանք, որ երբ ան զգայ ուժի առաւելութիւն պիտի յարձակի մեր վրայ», լրագրողին հետ զրոյցի ընթացքին կ՛ըսէ Արցախի վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին