Երէկ ժամը 14։00ի սահմաններուն՝ Հայաստանի Վայոց Ձորի մարզի Ելփին համայնքի տարածքին՝ Հայաստանի Զինուած Ուժերու Հակաօդային Պաշտպանութեան եւ Ռազմական Էլեկտրոնիք Պաշտպանութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ չէզոքացուած է՝ հետախուզական առանց օդաչուի սարք մը։ Այս մասին Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան գրած է Դիմատետրի (Ֆէյսպուք) իր էջին վրայ։ Սարքի պատկանելիութեան եւ արտադրման մասին լրացուցիչ տեղեկութիւններ աւելի ուշ պիտի յայտնուին։