Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

ՀՀ ԳԱԱ Արտասահմանեան Անդամներու Հանրագիտարան Զաւէն Մսըրլեան

ՀՀ ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր, փրօֆէսոր Զաւէն Մսըրլեանը ծնած է 1938 թուականին Պէյրութի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պէյրութի Մխիթարեան, Լիբանանի ազգային Նուպարեան եւ Պէյրութի Սուրբ Նշան ազգային վարժարաններուն մէջ: Երկրորդական կրթութիւնը ստացած է հայ Աւետարանական քոլէժի մէջ, որ աւարտած է 1955 թուականին: Հետագայ կրթութիւնը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի մէջ՝ մասնագիտանալով համաշխարհային պատմութեան բնագաւառին մէջ: 1963 թուականին ստացած է դատաւորի կոչում՝ «Հայկական ներկայացուցչութիւնը լիբանանեան խորհրդարանի մէջ» թեմայով աշխատանքի համար: Հետագային այս թեման ան լրամշակեց եւ շարունակելով ընտրութիւններու թեման հասցուց մինչեւ 2009թ. ընտրութիւնները: Այս գիտական հետազօտութիւնները մաս առ մաս տպագրուեցան «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»-ին մէջ:

Այս ընթացքին, 1960 թուականէն, ան կ’աշխատէր Պէյրութի հայ Աւետարանական քոլէժի մէջ որպէս ուսուցիչ: Նկատելով անոր աշխատասիրութիւնը եւ  կազմակերպչական ունակութիւնները, քոլէժի ղեկավարները երիտասարդ  ուսուցիչին առաջարկեցին զբաղեցնել երկրորդական բաժինի պատասխանատուի, իսկ արդէն 1967թ.ին ան զբաղեցաւ տնօրէնի պաշտօնով: 1991 թուականէն մինչեւ այսօր Զաւէն Մսըրլեանը Լիբանանի հայ Աւետարանական կրթական համադրող համախումբի ատենադպիրն է:

Բարձր գնահատելով անոր վաստակը հայագիտութեան բնագաւառի մէջ, 1986 թուականին Մերձաւոր արեւելքի Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու միութիւնը անոր շնորհեց ոսկէ շքանշան՝ երկարատեւ ծառայութիւններու համար:

2003 թ. Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիան եւս բարձր գնահատելով Զաւէն Մսըրլեանի գիտակրթական գործունէութիւնը, անոր շնորհեց ԳԱԱ պատուաւոր դոկտորի կոչում հայագիտութեան բնագաւառին մէջ:

Կրթութեան ոլորտին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրումին համար, 2010 թուականի Մայիսին Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշէլ Սլէյմանի, վարչապետի եւ կրթութեան նախարարի համատեղ հրամանագիրով Զաւէն Մսըրլեան արժանացաւ Լիբանանի կրթութեան շքանշանի:

Զաւէն Մսըրլեան շարք մը մենագրութիւններու եւ բազմաթիւ գիտական յօդուածներու հեղինակ է: Անոր գրիչին կը պատկանի «Հայկական հարցի մասին» աշխատութիւնը, որ տպագրուած է Պէյրութի մէջ, 1978 թուականին եւ արժանացած ԹՄՄ Հայկաշէն Ուզունեան մրցանակին: 1979 թ. ան հրատարակեց «Երեք դաշնագրեր» գիտական աշխատութիւնը: 1981 թ. տպագրուեցաւ «Մկրտիչ Մսըրլեանի ազգային-քաղաքական գործունէութիւնը», 2001թ Անթիլիասի մէջ՝ «The premeditated  Nature Of The Genocide Perpetrated on the Armenians» աշխատանքները: Վերջին աշխատանքը արժանացաւ Գրիգոր Մելիտենեցի մրցանակին: 2010թ. Պէյրութի մէջ լոյս տեսաւ անոր «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը եւ հայկական հարցը 1900-2009 թուականներուն» մենագրութիւնը:

Զաւէն Մսըրլեանը հեղինակ է 90-էն աւելի գիտական յօդուածներու, որոնք լոյս տեսած են «Հայկազեան հայագիտական հանդէս», «Հասկ Հայագիտական» տարեգիրք, «Armenian Studies», «Շիրակ», «Կամար», «Զարթօնք», «Արարատ», «Նոր օր», «Ազդակ-Երկիր» եւ «Խօսնակ» պարբերականներուն մէջ:

Զաւէն Մսըրլեանը նաեւ շարք մը խմբագրական խորհուրդներու անդամ է: 2004 թուականէն առ այսօր Զաւէն Մսըրլեանը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ «Ռիչըրտ եւ Թինա Քարոլան» հրատարակչական ֆոնտի ատենապետն է: Ան եղած է Վարդան Մատթէոսեանի «Հարաւային կողմն աշխարհի» (Անթիլիաս, 2005) եւ Յակոբ Չոլաքեանի «Անտիոքի Մերձակայ Ռուճի Հիվիտի Հայերը» (Անթիլիաս, 2006) գիրքերու խմբագիրը:

Ան գիտական զեկոյցներով հանդէս եկած է Պէյրութի, Լոնտոնի, Նիու Եորքի, Պոստոնի, Չիգակոյի եւ Լոս Անճելոսի մէջ:  Անոր զեկոյցներու թեման հիմնականին մէջ Ցեղասպանութեան եւ հայոց պահանջատիրութեան հարցերու քննութիւնն է: 1970-2006 թուականներուն բազմաթիւ անգամներ նախաձեռնած է հայկական վաւերագրական ցուցահանդէսներու կազմակերպման աշխարհով մէկ:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին երկրորդը գնահատելով դոկտ. Զ. Մսըրլեանի ազգային, կրթական, պատմագիտական եւ հասարակական գործունէութիւնը, 2007 թուականին հայրապետական կոնդակով անոր շնորհեց Ս. Սահակ – Ս. Մեսրոպ շքանշանը: Իսկ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ը հայրապետական կոնդակով 2014-ին Զաւէն Մսըրլեանին պարգեւատրեց Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանով:

Զաւէն Մսըրլեանը շուրջ 50 տարիներ մեծ նուիրումով զբաղած է ազգային, հասարակական, գիտակրթական ու հայագիտական հարցերով: Անոր ուսումնասիրութիւններու առանցքը  եղած են հայոց պատմութիւնը, Ցեղասպանութեան խնդիրները եւ Հայ Դատը:

Հայաստանի հանրապետութեան մէջ եւս բարձր գնահատած են Զաւէն Մսըրլեանի գործունէութիւնը: 2011 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը անոր շնորհեց շքանշան, իսկ 2014 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի հրամանագիրով,  Զաւէն Մսըրլեանին շնորհուեցաւ Մովսէս Խորենացի շքանշան:

Հաշուի առնելով Զաւէն Մսըրլեանի գիտական վաստակը, ինչպէս նաեւ Մայր Հայրենիքի հետ սերտ կապերը, ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիան 2014 թուականին անոր ընտրած է ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ:

Զաւէն Մսըրլեանը այսօր եւս մեծ ջանքեր կը ներդրէ հայագիտութեան եւ Հայ Դատի ոլորտներուն մէջ, ու սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի գիտական շրջանակներու համապատասխան մասնագէտներու հետ:

                                                                                                                Գոհար Իսկանտարեան
ՀՀ ԳԱԱ Սփիւռքի Բաժինի Գիտքարտուղար,Պատմական Գիտութիւններու Թեկնածու, Դոցենտ

 Արտատպուած՝ Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի
«Գիտութիւն» ամսագիրի Յունուար 2016-ի թիւէն, էջ 3:

Ծանօթ՝

  • Բացի վերոյիշեալներէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան հեղինակն է նաեւ «Հայոց Ցեղասպանութենէն Առաջ եւ Ետք» (Անթիլիաս 2011) (արժանացած Գ Մելիտենցի մրցանակին), «Հայկական Հարցի Հոլովոյթը 1939-2010» (Պէյրութ, 2012), «Մամուլէն Փրցուած Էջեր» (Պէյրութ, 2013) եւ «The Armenian Participation to the Legistlative Elections of Lebanon 1934 – 2009» (Պէյրութ, 2014) գիրքերուն: 2015ին իր գիրքերէն չորսը անգլերէնի թարգմանուեցան Տիկ. Մարալ Գալուստեանի կողմէ բարերարութեամբ Ռաֆֆի Մանուկեանի:
  • Զ. Մսըրլեան նաեւ խմբագրած է Իզապէլ Գաբրիէլ Չըրչիլի «Sister of Mercy and Survival: Armenian Nurses 1900 – 1930 (Անթիլիաս, 2012) գիրքին:

                                                                                                            (Խմբ.)

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին