*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ գիշեր ձեռնարկէ մը երբ յոգնած վիճակով գրասենեակս կը բարձրանայի, ձեռնարկին ներկայ ազնիւ անձ մը նախանձեռնութիւնը ունեցաւ հետս տեսակցութիւն խնդրելու, նաեւ տեսակէտս լսելու՝ ինչ կը վերաբերի երկար ժամանակէ տհաճ վիճակի մը, որ կը տիրէ իմ եւ իրեն մօտիկ անձի մը միջեւ:
Մինչ այս զարմանալի աշխարհին մէջ կ՛ապրինք օրեր, ուր ամէն մարդկային ազնիւ կանոն շրջուած է եւ բամբասանքն ու անարդարութիւնը վերածուած են սովորական վիճակի՝ անխնայ վիրաւորելով մարդոց արժանապատուութիւնը, ի տես նման ազնիւ նախաձեռնութեան մը կարելի չէր չապշիլ, որ տակաւին կան արդար մարդիկ, որոնք ճիշդ կողմնորոշուելու եւ միեւնոյն ժամանակ իրարմէ հեռացած մարդոց դարձեալ մօտեցնելու ճիգով՝ իրենց սուղ ժամանակը կը զոհեն…:
Երբ հիւրս մեկնեցաւ յոգնութիւնս անցած էր եւ մտածեցի, թէ մարդկութիւնն ու մարդկայնութիւնը այնքան ալ անյոյս չեն դեռ…:






