Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Ազրպէյճանի Մէջ Հայկական Եկեղեցին Իբրեւ Աղուանական Կը Ներկայացուի

Ազրպէյճանի Շեքի (Նուխի) քաղաքէն դէպի հիւսիս Քիշ գիւղին մէջ գտնուող 4-րդ դարու հայկական եկեղեցին, այդտեղ այցելող զբօսաշրջիկներուն կը  ներկայացուի իբրեւ աղուանական: Քիշ անունը յառաջացած է ազրպէյճաներէն «քեշիշ»` տէրտէր բառէն:

Ոչ մեծ չափի մատուռ յիշեցնող եկեղեցին, որոշ տուեալներով կը համարուի 1-4-րդ դարերու: Ան տարածաշրջանի ամենահին եկեղեցին կը սեպուի: Եկեղեցին չէ աւերուած միայն այն պատճառով, որ այդ գիւղին մէջ կը բնակին անցեալ դարասկիզբին հայկական ջարդերու ժամանակ հաւատափոխ եղած հայերու յետնորդներ:

Մինչ խորհրդայնացումը Քիշ գիւղին մէջ բնակած են միայն հայեր: Նուխիի մէջ այսօր եւս դեռ կանգուն են հայկական երեք եկեղեցիներ, որոնցմէ մէկը կը գտնուի հայկական գերեզմանոցին մէջ: Սակայն այսօրուայ հայատեաց Ազրպէյճանի մէջ, բոլոր հայկական եկեղեցիներուն նման այդ եկեղեցին եւս արտասահմանցիներուն կը  ներկայացուի իբրեւ աղուանական:

Հետաքրքրական է, որ գիւղին ներկայ բնակիչները, որոնց մէջ քիչ չեն հաւատափոխ հայերու սերունդները, կ՛այցելեն եկեղեցին, կը պահպանեն զայն իբրեւ Աստուծոյ տուն: Այս մէկը կը փաստէ, որ անոնք կ՛այցելեն եկեղեցի իբրեւ սուրբ վայր եւ երկիւղածութեամբ` իրենց միտքին մէջ պահած բարի ցանկութիւն մը` հաւատալով, որ անիկա անպայման պիտի կատարուի:

Եկեղեցին վերանորոգուած է Նորվեկիոյ նիւթական օգնութեամբ: Ցաւօք վերանորոգման ժամանակ ազրպէյճանցիները տաշած եւ վերացուցած են եկեղեցւոյ գմբէթին շուրջը դուրս ցցուած քարերով հայերէն գրութիւնը: Անիկա ներկայիս կը ծառայէ իբրեւ թանգարան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին