Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Ամալ Քլունիի Ապրիլ 26-ին BBC-ի եթերով ըրած դիտարկումները՝ ջղաձգումներ յառաջացուցած են Ազրպէյճանի մէջ:
Ամալ Քլունին, որ Մարդու իրաւուքներու եւրոպական դատարանին (ՄԻԵԴ) մէջ պիտի ներկայացնէ՝ Ազրպէյճանի մէջ բանտարկուած հետաքննող լրագրող Խատիճա Իսմայիլովան, վերջինիս ձերբակալման հարցով ներկայացուցած էր քաղաքական դրդապատճառներ, որմէ ետք Ազրպէյճանի կառավարութիւնը ըրաւ այն ինչ որ սովորաբար կ՝ընէ, երբ կը փորձեն մարդու իրաւունքներու հարցով ճնշում գործադրել իր վրայ․«Ներկայացուեցաւ համաշխարհային հայկական դաւադրութեան պնդումը»։ Այս մասին կը յայտնէ Panorama.am-ը վկայակոչելով EurasiaNet-ը:
«Անկախ այն հանգամանքէն, որ ՄԻԵԴ-ի մէջ Քլունիի գործը կապուած է ազրպէյճանցի լրագրողի պայքարին՝ ընդդէմ Ազրպէյճան պետութեան, Ազրպէյճանի պետական քարոզչութիւնը կը գտնէ հայկական կապ, եթէ նոյնիսկ այդ կապը չկայ», գրած է EurasiaNet-ը մէջբերելով Day.az-ը, որ գրած էր․«Կը պարզուի, որ Հայաստանը ունի այնպիսի զէնք, որուն մասին մենք չենք կրնար նոյնիսկ երազել: Մահացու զէնք, որ Հայաստանը կ՛օգտագործէ ընդդէմ Ազրպէյճանի՝ բաւական յայտնի իրաւաբան Ամալ Քլունին է»:
Կայքին համաձայն Պաքուի մտածողութեան մէջ Քլունին կասկածելի է, քանի որ նախապէս ՄԻԵԴ-ի մէջ ներկայացուցած է Հայաստանի կառավարութիւնը: Կը նշուի նաեւ անոր ամուսինը` Ճոր0 Քլունին, որ կ’աջակցի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման: Երբ Քլունին յայտարարեց, որ կը ստանձնէ Իսմայիլովայի պաշտպանութիւնը, Ազրպէյճանի լրատուամիջոցները սկսան պնդել, որ բրիտանացի փաստաբանը ունի հայկական ծագում:
«Քլունին հերքեց այս մեղադրանքները, ան իրականութեան մէջ լիբանանցի է, սակայն Լիբանանի մէջ առկայ է հայկական մեծ սփիւռք, այնպէս որ Պաքուի համար այս ամէնը հանդէս կու գայ միասին:
Ազրպէյճանի իշխանամէտ լրատուամիջոցները յատկապէս բարկացած են Ամալ Քլունիի փորձերէն` Իսմայիլովայի համար աջակցութիւն ձեռք բերելու Ուաշինկթընի մէջ: Քլունին BBC-ին ըսած էր, թէ կը հաւատայ, որ միջազգային ճնշումը կրնայ օգնել ազատ արձակելու լրագրողը», գրած է կայքը:
News.az կայքին համաձայն՝ հետազօտող Հուսէյնովը գրած էր, թէ հայերը վճարած են Քլունիին, որպէսզի ան Ուաշինկթըն երթայ եւ Սպիտակ տունն ու Գոնկրէսը տրամադրէ ընդդէմ Ազրպէյճանի:
«Իսկ թէ որքան հեռուն կ՝երթան Ազրպէյճանի իշխանական լրատուամիջոցները այս հարցով՝ միջազգային հայկական դաւադրութեան պնդումներով, դեռ պարզ կը դառնայ», գրած է կայքը: