*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Ապրիլ ամիսը ունի իր յատկանշականութիւնը Հայ ժողովուրդին համար, որ ապրած է արհաւիրքներ ու լաւ գիտէ կեանքի արժէքը:
Մեզմէ ոչ մէկը գիտէ, թէ երբ պիտի մեռնի, սակայն բոլորս ալ գիտենք, որ անկէ ետք մենք այս աշխարհին վերաբերող ոչ մէկ բանի պէտք ունինք՝ ոչ դրամ, ոչ ունեցուածք եւ ոչ ալ մարմինի անդամներ, որոնք ի վերջոյ հողին տակ հողի պիտի վերածուին:
Սակայն այն բանը, որ մեզի համար կարեւոր պիտի չըլլայ այլեւս, կրնայ ուրիշի մը կեանքը փրկել:
Այս Ապրիլ ամսուն եկէք որոշենք մեր մարմինի անդամները յետ մահու նուիրել՝ ուրիշի մը կեանքը փրկելու համար: Եկէք բոլորս նուիրատուներ ըլլանք ու այդպէս արժեւորենք մեր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: