Հայ Աւետարանական Գոլէճի վաստակաւոր տնօրէն, պատմաբան Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի մտայղացումով եւ պատրաստութեամբ ու արուեստագէտ ուսուցիչ Վազգէն Մուղալեանի ձեւաւորումով կազմակերպուած՝ «Յաղթական Երթ» խորագրուած ցուցահանդէսը բացուեցաւ Երկուշաբթի, 18 Ապրիլ 2016-ի երեկոյեան: Ցուցահանդէսը, որ կը վայելէ Գոլէճի հոգաբարձութեան հովանաւորութիւնը, կը բաղկանայ 380 վաւերագրական եւ գեղարուեստական նկարներէ, պատմական քարտէզներէ, տեղեկատուական աղիւսակներէ, որոնք ժամանակագրական կարգով կը ներկայացնեն հայ ժողովուրդի գոյերթը, հնագոյն ժամանակաշրջանէն մինչեւ օրերս:
Հոգեւոր, դիւանագիտական, պետական, բանակային, համայնքային եւ կրթական պատասխանատուներու եւ բարեկամներու դիմաց խօսք առնելով՝ Դոկտ. Մսըրլեան նշեց, թէ այս նախաձեռնութիւնը իր տասնամեակներու երազն էր, որ կ’իրականանայ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի անկախութեան քսանհինգամեակին եւ հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան հարիւրմէկերորդ ամեակին առթիւ: Ցուցահանդէսը խորագրուած է «Յաղթական Երթ», որովհետեւ մեր ազգը ի հեճուկս բազմաթիւ վտանգներու եւ նոյնիսկ Ցեղասպանութեան, կը գոյատեւէ աշխարհի տարածքին ու իր զոյգ հանրապետութիւններուն մէջ: Ան նշեց, թէ սոյն ցուցահանդէսը նուիրուած է այդ երթի անկիւնադարձային դէպքերուն, թուականներուն եւ պատմութիւն կերտած անհատներուն: Իսկ նպատակը հայկական ոգիին զօրացումն է՝ մանաւանդ նոր սերունդին մէջ:
Ուստի կ’ակնկալուի, որ հայ դպրոցներ իրենց աշակերտները տանին սոյն ցուցահանդէսին, որ բաց կը մնայ մինչեւ 29 Ապրիլ 2016: Ժամադրութեան համար հարկ է հեռաձայնել 01-349816 թիւին: