Երեքշաբթի, 14. 01. 2025

spot_img

Մանկական Քաղցկեղի Ախտամերժ Բուժումը (Immunotherapy) Վաւերացուեցաւ Շնորհիւ Հիմնական Հետազօտութեան

Լոս Անճելըսի Մանուկներու հիւանդանոցին մէջ երկու տասնամեակ տեւած իրենց հիմնական հետազօտութեան վրայ հիմնուելով, Արազ Մարաշլեան եւ Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին մանկական ակադեմիաներու մէջ իր պաշտօնակիցները ցոյց տուին, որ ցարդ միայն հետազօտութեանց ներառուած հիւանդներուն համար մատչելի դիմադրողականութեան բուժումը (immunotherapy), համազօր է առեւտրական օգտագործումի համար պատրաստուած արտադրութեան եւ կարելի է մատչելի դարձնել բոլոր հիւանդներուն: Տեղեկութիւնը, որ հրատարակուեցաւ «Քանսըր Շիմոթերափի էնտ Ֆարմաքոլոկյըն» անուամբ, առանցքային էր մանկական քաղցկեղի բուժման առաջին ախտամերժ «ԷՖ.ՏԻ.ԷՅ.»-ի կողմէ վաւերացման համար:

Նիւրոբլասթոմա-ն  ջիղերու դրութեան քաղցկեղ է, որ կը գտնուի ուղեղէն դուրս, եւ յատկապէս կը պատահի 5 եւ աւելի նուազ տարիք ունեցող երախաներու մօտ: Հակառակ շատ ուժգին բուժումին, բազմաթիւ հիւանդներ չեն յաջողիր բուժուիլ եւ կամ կը կրկնուի հիւանդութիւնը: Այս ախտը ունեցող բոլոր երախաներուն գրեթէ 50 առ հարիւրը կը մահանայ ախտաճանաչումի 5 տարիներու ընթացքին:

Բուժում մը, որ Տինիւթիւքսիմապ կը կոչուի, մշակուած է հիւանդին դիմադրողականութիւնը  զօրացնելու համար, որպէսզի պայքարի Նիւրոբլասթոմա-ի դէմ:

«Երախաներու Ոռուցքաբանութիւն» խումբը վարած է Տինիւթիւքսիմապ-ի երրորդ փուլի պատահական փորձարկութիւն մը եւ յայտնաբերած է, որ մոնոքլոնըլ անթիպատի-ով բուժում ստացող երախաները ունեցած են առանց միջոցառումներու  բարելաւուած ընդհանուր գոյատեւում, համեմատած այն հիւանդներուն, որոնք դիմադրողականութեան բուժում չեն ստացած:

Բուժարանային փորձարկումներու մէջ օգտագործուող dinutuxiamb-ը՝ յարաբերաբար փոքր քանակներով կ’արտադրէ Քաղցկեղի Ազգային Հիմնարկը (Միացեալ Նահանգներ): Որպէսզի դիմադրողականութեան բուժումը առեւտրականօրէն մատչելի ըլլայ, մոնոքլոնըլ անթիպատի-ն աւելի մեծ քանակներով պէտք է արտադրուի դեղագործական ընկերութեան մը կողմէ: Նաեւ Տինիւթիւքսիմապ-ի առեւտրականօրէն արտադրուած տարբերակը պէտք է փորձարկուի հիւանդներու մէջ եւ տեսնուի համազօր ըլլալը Քաղցկեղի Ազգային Հիմնարկի արտադրած տարբերակին:

«Երկու տարուան հետազօտութենէ ետք, որ համեմատեց առեւտրականօրէն արտադրուած Տինիւթիւքսիմապ-ը Քաղցկեղի Ազգային Հիմնարկի արտադրածին հետ, մենք ոչ մէկ տարբերութիւն կը տեսնենք, թէ հիւանդներ ինչպէս կը փոխարկեն կամ կ’արձագանգեն բուժումին», կ’ըսէ Արազ Մարաշլեան եւ կը շարունակէ. «Ամբողջ երկիրի տարածքին իմ պաշտօնակիցներուս հետ հպարտ ենք կատարուած աշխատանքին համար, որպէսզի յաւելեալ բուժումները մատչելի ըլլան այս քանդիչ հիւանդութենէն տառապող երախաներուն համար»:

Արազ Մարաշլեան նաեւ մանկաբուժութեան օգնական դասախօս է UAC-ի բժշկական Քեք համալսարանին մէջ, եւ տնօրէնը «Նոր Մօտեցումներ Նիւրոբլասթոմա  բուժումի» ընկերակցութեան: Այս ընկերակցութեան միջոցով Մարաշլեան ներկայիս կը ղեկավարէ երկու գործուն փորձառկումներ՝ հետազօտելով Տինիւթիւքսիմապ-ի օգտագործումը այլ տարրերու հետ:

Լոս Անճելըսի Մանուկներու Հիւանդանոցը Միացեալ Նահանգներու 10 ամէնէն որակաւոր հիւանդանոցներու շարքին դասուած է եւ Քալիֆորնիոյ մէջ մանուկներու լաւագոյն հիւանդանոցը անուանուած է՝ իր դարմանական գերազանցութեան համար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին