Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Ապրիլ 24-ին Հայերը Պուտափեշտի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանատան Մօտ Բողոքի Ցոյց Պիտի Իրականացնեն

Հունգարիոյ հայ համայնքը կը պատրաստուի Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի ոգեկոչման ձեռնարկներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Հունգարիոյ Հայ ազգային ինքնավարութեան փոխնախագահ Ալեքս Աւանէսեան։

Ձեռնարկը պիտի կայանայ Պուտափեշտի մէջ տեղադրուած խաչքարին մօտ, ուր հայ համայնքի ներկայացուցիչները ծաղիկներ պիտի խոնարհեն՝ 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացած Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին: Այնուհետեւ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ պիտի իրականանայ բողոքի ցոյց` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջով:

Հունգարիոյ մէջ թուրքերն ու ազրպէյճանցիները սովորաբար կը փորձեն խանգարել հայկական համայնքի ըրած ձեռնարկները: Սակայն ի հեճուկս թուրքերուն, վերջին շրջանին տեղի հայկական համայնքը նպատակադրած է Հունգարիոյ տարբեր քաղաքներու մէջ խաչքարեր տեղադրել: Արդէն որոշ քաղաքներու մէջ համայնքը յաջողութիւններ արձանագրած է՝ խաչքարը տեղադրելու արտօնութիւն ստանալով տեղի իշխանութիւններէն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին