Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Սոչիի Հայ Համայնքի Օգնութիւնը Արցախի Գիւղերուն

«Իւրաքանչիւր հայ պարտաւոր է մասնակցութիւն ունենալ Ապրիլ 1 լոյս 2-ի գիշերը, Ազրպէյճանի սադրիչ ռազմական գործողութիւններուն պատճառով դժուարին կացութեան մէջ յայտնուած արցախցիներուն եւ հերոս-զինուորներուն օգնելու գործին. ատիկա բոլորիս հոգիին պարտքն է: Այդ ուղղութեամբ մենք արդէն Սոչիի հայ համայնքին համախմբուածութեան կոչ  յղած ենք», «Հայերն Այսօր»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Սոչիի ՌՀՄ-ի խորհուրդի անդամ Թումաս Վարդանեան եւ աւելցուց, որ Ապրիլ 9-ին Սոչիի հայ գործարարներու մասնակցութեամբ տեղի  ունեցած է՝ Ռուսաստանի հայերու միութեան Սոչիի տարածաշրջանի արտահերթ նիստը:

Նիստին արձագանքելով ԼՂՀ կառավարութեան եւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան Արցախին օժանդակելու կոչին, որոշում  կայացած է Արցախի գիւղերուն համայնքին կողմէ 15 УАЗ մակնիշի ամենագնաց մեքենաներ նուիրաբերել, որոնց անհրաժեշտութիւնը առաջնային հարց է գիւղացիներուն համար, որ քննարկուած է նաեւ ԼՂՀ կառավարութեան հետ:

Թումաս Վարդանեան նաեւ տեղեկացուց, որ Սոչիի Հայ Առաքելական Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ տարածքին մէջ, պարբերաբար համայնքային ներկայացուցիչներու հաւաք-հանդիպումներ տեղի կ’ունենան, որոնց ժամանակ քննարկումներ կը ծաւալին՝ յետագայ աշխատանքները համակարգելու համար:

«Շատ կարեւոր է Արցախի բնակիչներուն սատար կանգնիլ, որոնք պատերազմական օրերուն ոչ միայն չլքեցին իրենց բնակավայրերը, այլ նաեւ սեփական օրինակով աշխարհին ցոյց տուին հայ ժողովուրդի  միասնականութիւնը», իր խօսքը եզրափակեց Թումաս Վարդանեան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին