Շաբաթ, 12. 10. 2024

spot_img

Պունտեսթակի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նախագիծը Պիտի Քննարկուի Յունիսին

Նախանշուած են ժամկէտերը, թէ երբ Գերմանիոյ Պունտեսթակի (խորհրդարան) մէջ քուէարկութեան պիտի դրուի՝ «1915 թուականի իրադարձութիւնները որպէս Ցեղասպանութիւն Ճանաչնալու մասին» նախագիծը: Քննարկումը նախատեսուած է իրականացնել 2016-ի Յունիսին: Այս մասին կը տեղեկացնէ panarmenian.net-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» լրատուական գործակալութիւնը:

Օրինագիծին մասին խօսած է Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ Ճեմ Օզտեմիր նշելով, թէ իրենք կը ցանկային, որ այդ նախագիծը շատ աւելի շուտ բերուի Պունտեսթակ:

Օզտեմիր ըսած է. «Ժամկէտերէն աւելի կարեւոր է, որ բոլոր կուսակցութիւնները մէկ դիրքորոշում ունենան: Վերջ ի վերջոյ Պունտեսթակի մէջ պարզ եւ յստակ ձեւակերպումներ պիտի օգտագործուին: Այո Օսմանեան կայսրութեան օրօք մեղքը, որ գործուած է հայերուն հանդէպ, կը կոչուի Ցեղասպանութիւն: Դեռ աւելին այդտեղ գերմանացիներն ալ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ունին: Ետ ճանապարհ այլեւս չկայ», «Հապերլեր»-ին յղումով կը գրէ Aravot.am-ը:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ապրիլ 21-ին ՔԴԴ/ՔՍԴ խմբակցութիւններու նիստի ընթացքին յայտնած էր, որ կ՛աջակցի այն դիրքորոշման, որով 100 տարիներ առաջ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու զանգուածային սպանութիւններուն ու տեղահանութիւններուն առնչութեամբ՝ կարելի է կիրառել Ցեղասպանութիւն եզրոյթը: Միեւնոյն ժամանակ Գերմանիոյ կառավարութեան ղեկավարը մտավախութիւն յայտնած էր, որ Պերլինի կողմէ այդ եզրոյթի օգտագործումը՝ կրնայ բացասական ազդեցութիւն ունենալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հաշտեցման գործընթացին վրայ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին