Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Ապրիլ 13-ին հանդիպում մը ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ի եւ Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ի հետ:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պետութիւն-եկեղեցի, Հայրենիք-Սփիւռք կապերուն վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:
Ուշադրութեան կեդրոնն էին Ապրիլ 2-էն 5 Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններու եւ անոնց հետեւանքներուն վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սահակեան նշած է, որ այս օրհասական օրերուն համայն հայութիւնը ցուցաբերած է օրինակելի միասնականութիւն, բարձր հայրենասիրութիւն եւ անձնուիրութիւն` ընդգծելով այս գործընթացին մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութիւնը:
Երկիրին ղեկավարը արժեւորած է Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն այցը Արցախ` նշելով ատոր պատմական ըլլալը հոգեւոր, քաղաքական եւ մատաղ սերունդին հայեցի դաստիարակութեան տեսանկիւններէ:
Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան եւ բարձրագոյն հոգեւորական դասի խումբ մը ներկայացուցիչներ: