Ինալքօ-ի Հայ լեզուի եւ քաղաքակրթութեան ուսանողական ընկերակցութիւնը՝ Arminalco, որ հիմնուած է 2014ին, հեղինակն էր «Հայաստանի օր» ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի Ապրիլ 5ին Ինալքօ-ի լսարանին մէջ։ Այս ձեռնարկը կը վայելէր «Ֆրանսա-Հայաստան աւետարանական զօրակցութիւն» ընկերակցութեան (SPFA) հովանաւորութիւնը։
Քաղաքակրթութեանց փառատօնի (Ապրիլ 4-15) ծիրին մէջ կազմակերպուած այս ձեռնարկը նուիրուած էր հայկական մշակոյթին։ Օրուան յայտագիրին մաս կը կազմէին ֆիլմի ցուցադրութիւն, ցուցահանդէս, դասախօսութիւն եւ կլոր սեղան։
Առտուան ժամը 10ին ցուցադրուեցան Հայկ Համբարձումի երեք կարճ ֆիլմերը՝ «Նոր հայեացքի մը յայտնագործումը» վերնագիրով։ Աւելի քան մէկ ժամ տեւած սփռումի ընթացքին, հանդիսատեսներուն առիթ տրուեցաւ ծանօթանալու այս երիտասարդ բեմադիրին, որ ծնած է Հայաստան 1983ին. ան հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ եւ ներկայիս Սորպոնի համալսարանին մէջ կը կատարելագործէ իր ուսումը։ Յուզիչ եւ իւրայատուկ էր մասնաւորաբար Միսաք Մեծարենցին նուիրուած ժապաւէնը։
Օրուան երկրորդ բաժինը յատկացուած էր հնագիտութեան եւ ի մասնաւորի Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանը գտնուող Տիգրանակերտի պեղումներուն։ Այս աշխատանքի պատասխանատու տնօրէն Համլէթ Պետրոսեան, ընկերակցութեամբ իր գործակիցներ Փօլ Պայլէի եւ Աննա Լէյլոյեանի, դասախօսեց «Տիգրանակերտ, տասնամեայ հնագիտական պեղումներ» նիւթին շուրջ, ընդգծելով այս աշխատանքին նշանակալից արդիւնքները։
Օրուան վերջին բաժինին թեման կը կրէր «Հնագիտութիւնը ներկայ Հայաստանի մէջ» խորագիրը, որու ընթացքին Անի Դանիէլեան, Անահիտ Քէֆէլեան եւ Արեւիկ Պարսամեան (երեքն ալ դոկտորայի աւարտաճառի թեկնածուներ), ներկայացուցին նիւթին շուրջ իրենց հետազօտութիւնները։ Առաջինը անդրադարձաւ յատկապէս Ուխտասար գտնուող քարանձաւային արուեստին, որ կը վերաբերի Ք.ա. հինգերորդ հազարամեակէն մինչեւ 2րդ հազարամեակի վերջերը երկարող ժամանակաշրջանին։ Անահիտ Քէֆէլեան ներկայացուց՝ «Հռոմէական ներկայութիւնը մեծն Հայաստանի թագաւորութեան մէջ» նիւթով իր ուսումնասիրութիւնը։ Իսկ Արեւիկ Պարսամեան ժամանակակից հնագիտութենէն օրինակ մը բերելով նկարագրեց՝ Երուանդաշատ գտնուող Հայաստանի թագաւորին որսորդական ապարանքը։
Այցելուները առիթ ունեցան դիտելու լսարանի դահլիճին մէջ ցուցադրուած լուսանկարները, որոնք կը պատկերէին Մեծն Տիգրան թագաւորին կողմէ հիմնուած Տիգրանակերտ առասպելական հնագոյն քաղաքը եւ այնտեղ կատարուած պեղումներուն շնորհիւ յայտնաբերուած հրաշալի առարկաները, որոնք Ք.ա. 90ական թուականներուն կերտուած են։