Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Սխալ Հասկցուած Քաջութիւն Կամ Տղամարդութիւն…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Վերջին օրերու նորութիւններէն է անմարդկային ձեւով թռչուններ կամ կենդանիներ բռնել եւ անոնց հետ սելֆի նկարուիլ ու ընկերային համացանցի միջոցաւ հպարտութեամբ տարածել…:

Այլ մօտա մըն է որսացուած (շատ յաճախ ջարդի մեթոտներով) թռչուններու եւ կենդանիներու առջեւ կանգնած հպարտօրէն նկարուիլ՝ հաւանաբար իբր այսպէս կոչուած «քաջութեան» կամ «տղամարդութեան» չափանիշ…:

Վերոյիշեալներուն կ՛ըսեմ. սիրելի մարդ արարած, պիտի ուզէի՞ր այլ էակ մը քեզի նոյն ճակատագիրին ենթարկեր՝ դիակիդ հետ նկարուելու սիրո՞յն…:

Վայրագութեամբ կենդանի սպաննելը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ ոճիր հանդէպ այլ կենդանի էակներու… մինչ զայն որսորդութեան պիտակով արդարացնելը՝ պարզապէս խարդախութիւն ծածկելու տուեալ անձին վայրագ նկարագիրը…:

Նման վայրագութեանց «մարզանք» պիտակը տուողներն ալ կարելի է նմանցնել՝ այսպէս կոչուած այն «քաղաքակրթութիւններուն», որոնք հազարաւոր տարիներ առաջ գոյութիւն ունէին, մինչ անոնց հետ բաղդատած՝ մենք մեզ կը կոչենք լուսաւորուածներ ու յառաջացածներ…:

Վերջացնելու համար պիտի կրկնեմ նախորդ սիւնակներէս մէկուն մէջ արտայայտած այն միտքս, թէ ժողովուրդի մը զարգացման աստիճանը կարելի է  ճշդել՝ կենդանիներուն հետ վարուելու անոր ձեւին չափանիշով…: Թող հիմա իւրաքանչիւրը ինք դատէ, թէ որքա՜ն զարգացած է…:

ՅԳ. Վարկածը կ՛ըսէ, որ վերի նկարին մէջի «հերոսներ»ը մինչեւ իրենց նկարահանումն ու սելֆիները աւարտեն, տակաւին քանի մը ամսու եղող տոլֆինը ջուրէն դուրս երկար ժամանակ մնալով շունչը փչած է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին