Ապրիլ 4-ին ռումանահայ համայնքը տարածած է յայտարարութիւն մը, որմով խստօրէն կը դատապարտէ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ազերիական աննախադէպ նախայարձակումը:
Ռումանիոյ իշխանութիւններուն ուղղուած Ռումանիոյ Հայոց միութեան եւ Ռումանահայոց թեմի համատեղ յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կ’ըսուի.
«Ոումանիոյ հայ համայնքը խոր անհանգստութիւն կը յայտնէ եւ խստօրէն կը դատապարտէ Ապրիլ 2-ին սկսած եւ մինչեւ օրս շարունակուող Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան սահմաններու ամբողջ երկայնքով օդային զինուժի, ծանր հրետանիի եւ զրահամեքենաներու կիրառութեամբ Ազրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական յարձակումները, որոնք աննախադէպ էին 1994-ին հաստատուած հրադադարէն ի վեր:
«Յարձակումներուն զոհ դարձած են եւ վիրաւորուած տասնեակ զինուորականներ եւ քաղաքացիական անձիք, որոնց մէջ նաեւ երախաներ: Այս առիթով Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը եւ Հայոց թեմը խոր վշտակցութիւն կը յայտնեն անմեղ զոհերու հարազատներուն ու մերձաւորներուն եւ կը կիսեն կորուստի ցաւը:
«Ցաւով պէտք է արձանագրել, որ միջազգային հանրութիւնը ցայսօր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան անդրադառնալուն գերադասած է հաւասարութեան նշան դնել կողմերուն միջեւ, խուսափած է հասցէական քննադատութենէ եւ զլացած զսպուածութեան հաստատակամ կոչեր ընելու Ազրպէյճանին` վերջինիս մօտ ստեղծելով իր ցանկացած գործողութիւններու ամենաթողութեան տպաւորութիւն: Անտեսուած է այն հանգամանքը, որ հէնց Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնն է մշտապէս ու հետեւողականօրէն հանդէս եկած ռազմատենչ հռետորաբանութեամբ, պատերազմական կոչերով, ցեղապաշտական եւ հայատեաց քարոզով` ինչպէս նաեւ օգտագործելով նոյն միջազգային հարթակները:
«Ուստի կոչ կ’ընենք հայրենի Ռումանիոյ իշխանութիւններուն, եւրոպական եւ միջազգային մարմիններուն վճռականօրէն դատապարտելու Ազրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները` մարդկային տասնեակ ու հարիւրաւոր կեանքերու կորուստեան համար, ներառեալ քաղաքացիական խաղաղ բնակչութեան շրջանին մէջ:
«Ստալինեան կամայական որոշումով Ազրպէյճանին բռնակցուած Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, ազատ ապրելու իր որոշումը կայացուցած է 25 տարիներ առաջ, յենելով միջազգային իրաւունքի հիմնարար սկզբունք հանդիսացող՝ ժողովուրդներու ազատ ինքնորոշման իրաւունքին վրայ:
«Ուստի Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը եւ Հայոց թեմը, ամբողջ ռումանահայ համայնքը զօրավիգ է Լեռնային Ղարաբաղի ինքնիշխան Հանրապետութեան ու անոր ժողովուրդին՝ յանուն ազատութեան անոր պայքարին եւ խաղաղ, անվտանգ ու բարեկեցիկ երկիր կառուցելու ջանքերուն»:
Ռումանահայոց թեմն ու Ռումանիոյ Հայոց միութիւնը զօրակցութեան կոչերով դիմած են նաեւ Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հոգեւոր ու աշխարհիկ բարձրագոյն իշխանութիւններուն: