Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Շուէտահայերը Բողոքի Ցոյցի Ելած Են Ընդդէմ Ազրպէյճանի Սանձազերծած Պատերազմական Յարձակումներուն

Շուէտի մէջ հայերը բողոքի ցոյց իրականացուցած են ընդդէմ Ազրպէյճանի կողմէ իրականացած յարձակումին, կը հաղորդէ News.am-ը:

Շուէտի հայ համայնքի անդամները հաւաքուած էին Շուէտի արտաքին գործոց նախարարութեան դիմաց՝ իրենց բողոքը ներկայացնելու Լեռնային Ղարաբաղի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմական գործողութիւններու կապակցութեամբ:

Ցոյցին մասնակիցները կոչ ըրած են Շուէտի իշխանութիւններուն, որ պարտադրեն Ազրպէյճանին դադրեցնել ԼՂՀ-ի դէմ իրականացող գործողութիւնները: Պաստառները կը պատկերէին նաեւ Ապրիլ 2-ին Թալիշ գիւղին մէջ ազրպէյճանական հրոսակներու կողմէ վայրագօրէն սպաննուած Խալափեաններու լուսանկարները՝ նշելով, որ նախայարձակ ազրպէյճանական զինուորները չեն խորշիր իրականացնելէ նման ռազմական յանցագործութիւններ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին