Ուրբաթ, 24. 01. 2025

spot_img

Ղազախստանի ՄԷջ ՀՀ Դեսպանը Դիմած Է Համայնքի Հայկական Կազմակերպութիւններուն

Ղազախստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արա Սահակեան դիմած է Ղազախստանի հայկական մշակութային կեդրոններու ղեկավարներուն եւ կոչ ըրած հանդէս գալու՝ Ապրիլ 1 լոյս 2-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական սահմանագիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ հրահրած ռազմական գործողութիւնները դատապարտող յայտարարութիւններով:

«Կոչ կ’ընեմ հանդէս գալու Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ ազրպէյճանական նախայարձակումը դատապարտող յայտարարութիւններով եւ ընել ամէն ինչ, որ Ձեր արդար ձայնը հասնի բարի կամքի տէր բոլոր մարդոց», ըսուած է դեսպանի յայտարարութեան մէջ, կը հաղորդէ Hayernaysor.am-ը։

Աւելցնենք, որ այս օրերուն Սփիւռքի հայ համայնքները իրենց զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը կը յայտնեն Լեռնային Ղարաբաղին` ցոյց տալով հայ ժողովուրդի միասնականութիւնն ու անկոտրում ոգին: Ազրպէյճանի ոտնձգութիւնները սանձահարելու նպատակով ցոյցեր  տեղի կ’ունենան Ազրպէյճանի դեսպանատուներուն առջեւ, ոգեկոչման ձեռնարկներ կը կազմակերպուին եւ այդպիսով` իրենց ձայնը լսելի դարձնելով համապատասխան ատեաններուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին