Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

«Ազգային Միասնականութիւն Ու Ղարաբաղի Զօրակցութիւն՝ Մղիչ Ուժը Պէտք Է Դառնան Հայ Ժողովուրդին

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Շարունակելով իր կապերն ու խորհրդակցութիւնները Ղարաբաղի հարցին շուրջ, Երկուշաբթի, 4 Ապրիլ 2016-ի գիշերը, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս հեռաձայնային կապ հաստատեց Հայաստանի Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանին հետ եւ այսօր՝ Երեքշաբթի, 5 Ապրիլ 2016-ի առաւօտուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին հետ, եւ անոնց փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ ժողովուրդին ամբողջական զօրակցութիւնը։ Զոյգ Վեհափառ Հայրապետները շեշտեցին թեմերուն կողմէ Ղարաբաղին օժանդակութեան գծով առնուելիք որեւէ քայլի պարագային աշխատանքները ներդաշնակելու կարեւորութիւնը։

Երէկ, Նորին Սրբութեան այցելեցին Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչները։ Բնականաբար խորհրդակցութեան միակ նիւթը Ղարաբաղն էր։

Խօսելով Ղարաբաղին աջակցելու կարելիութիւններուն մասին, Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց հետեւեալ կէտերը.- ա) Անհրաժեշտ է, որ Ղարաբաղի զօրակցութեան ուղղութեամբ առնուելիք որեւէ քայլ կատարուի միասնական ոգիով ու ճիգով։ Հայութիւնը՝ Հայաստանի, Ղարաբաղի ու Սփիւռքի մէջ, միջազգային համայնքին պէտք է ներկայանայ որպէս մէկ ամբողջութիւն, հաւաքական մէկ կամքով ու նո՛յն ձայնով։ բ) Ներկայ աշխարհին մէջ զինեալ պատերազմի կողքին, եւ թերեւս աւելի՛ով, կարեւոր է լրատուական ու քարոզչական պատերազմը։ Այս ուղղութեամբ յատկապէս Սփիւռքը կարեւոր դեր ունի կատարելիք՝ միջազգային մամլոյ օրկաններուն մօտ Ղարաբաղի հարցը ճիշդ ու համապարփակ կերպով ներկայացնելու իմաստով։ գ) Անհրաժեշտ կը նկատենք նաեւ, որ իւրաքանչիւր գաղութ տեղական պայմաններու համապատասխան կերպով՝ իր ընդվզումը արտայայտէ ազերիներու անարգ ու բարբարոսային յարձակումներուն նկատմամբ, ինչպէս նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնէ Ղարաբաղի հայութեան ու անոր ազգային իրաւունքներուն։

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին