Շաբաթ, 25. 01. 2025

spot_img

Նկարի Մը Պատմութիւնը. The Guardian-ը Ներկայացուցած Է Ցեղասպանութիւնը Վերապրած 105-ամեայ Մովսէս Պապի Պատմութիւնը

Բրիտանական հեղինակաւոր The Guardian («Տը Կարտիըն») պարբերականը ներկայացուցած է Տիանա Մարկոսեանի նկարած լուսանկարը, որուն գլխաւոր հերոսը Հայոց Ցեղասպանութեան սարսափներէն մազապուրծ եղած 105-ամեայ Մովսէս Հանէշեանն է:

Յուզիչ լուսանկարին մէջ զառամեալ ծերունին կանգնած է իր հայրենի գիւղը պատկերող մեծ լուսանկարին առջեւ, որ անոր հոգիին մէջ յոյզերու փոթորիկ կը յառաջացնէ:

«Երբ ան տեսաւ նկարը, սկսաւ արտասուել ու մրմնջալ. «Իմ տո՜ւնը, իմ Հայաստա՜նը»: Ան մատներով կը դպչէր կտաւին, յետոյ կը համբուրէր զայն, կարծես ատիկա պիտի օգնէր իրեն վերադառնալու անցեալ», կը գրէ պարբերականը:

Լուսանկարին հեղինակը կը պատմէ, որ Մովսէս պապին հետ ծանօթացած է 2013-ին, երբ ուղեւորուած է Հայաստան` Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու հետ հանդիպելու եւ անոնց պատմութիւնները լսելու:

«Երբ ես հարցուցի Մովսէս պապին, թէ ինչ կրնամ ընել անոր համար, ան ինձմէ խնդրեց գտնել իր հայրենի գիւղն ու այնտեղի եկեղեցւոյ մէջ ձգել իր լուսանկարը: Մովսէս պապը նկարագրեց հայրենի գիւղը, որ վերջին անգամ տեսած էր 1915-ին` հօր հետ թուրք զինուորներու հետապնդումէն փախչելու ատեն: Ան մօտաւորապէս բացատրեց, թէ ուր կը գտնուի անիկա, ու ես որոշեցի երթալ հոն: Մէկ տարի անց վերադարձայ` հետս բերելով գիւղին մեծ լուսանկարը: Ան այնպիսի անյագ աչքերով կը նայէր գիւղի նկարին, որ կը թուէր, թէ այդ թուղթի կտորը կրնայ զինք տանիլ անցեալ», վերյիշած է Մարկոսեան:

Ան նաեւ աւելցուցած է, թէ որպէս Ցեղասպանութիւնը վերապրածի ծոռ` ինք իր պարտքը կը համարէր այս նախագիծի իրականացումը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին