Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

«Վերնիսաժ»ի Բարեկարգման Եւ Արդիականացման Նախագիծերը Պիտի Ներկայացուին Հանրային Քննարկման

Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցած աշխատանքային հերթական խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուած են Երեւանի մէջ վերջին հանգրուանին իրականացուած աշխատանքները։  Զեկուցուած է, որ Երեւանի քաղաքապետին յանձնարարութեամբ մայրաքաղաքին մէջ ապօրինի շինարարութեան եւ հողազաւթման դէպքերու յայտնաբերման ու կանխման ուղղութեամբ իրականացուող ամէնօրեայ հսկողութեան շնորհիւ նախորդ շաբաթ բացայայտուած է 8 դէպք: Հասարակական կարգի պահպանութեան ծառայութեան 2 աշխատակից ծառայողական պարտականութիւնները պատշաճ կերպով չկատարելնուն համար արձակուած են աշխատանքէ, իսկ քաղաքաշինութեան եւ հողի վերահսկողութեան վարչութեան համայնքային 1 ծառայողի նկատմամբ ալ կիրառուած է կարգապահական նկատողութիւն:

Խորհրդակցութեան ընթացքին նաեւ զեկուցուած է, որ Երեւանի քաղաքապետարանի պաշտօնական կայքին վրայ վերջնականապէս դասաւորուած է ելեկտրոնային կարգով քաղաքաշինական փաստաթուղթերու համար նախատեսուած դիմումները ներբեռնելու գործընթացը: Բացօթեայ ապօրինի առեւտուրի կանխարգելման գծով զեկուցուած է, որ խախտման 1 դէպք արձանագրուած է: Նոյն ժամանակաշրջանին յայտնաբերուած եւ կազմաքանդուած է չգործող 2 կրպակ: Յանձնարարուած է խստացնել հսկողութիւնը յատկապէս բակային տարածքներուն եւ գետնանցումներուն մէջ ապօրինի առեւտուրի դէպքերը կանխելու ուղղութեամբ:

Անդրադարձ կատարուած է աղբ հաւաքող «Սանիթեք» ընկերութեան եւ անոր տարած գործունէութեան։

«Վերնիսաժ»ի տարածքի բարեկարգման եւ արդիականացման ծրագիրին առնչութեամբ զեկուցուած է, որ վարձակալին հետ քննարկուած է տուեալ հատուածի վերակառուցման ծրագիրը, կազմուած են 4 նախնական ծրագիրներ, որոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացուին հանրային լայն քննարկման: Բնապահպանութեան վարչութեան պետը զեկուցած է, որ մայրաքաղաքին մէջ կը շարունակուին այգիներու մաքրութեան աշխատանքները:

9 Ապրիլին նախատեսուած համաքաղաքային ծառատունկի եւ շաբաթօրեակի կազմակերպման նպատակով գոյքագրուած բոլոր տարածքներուն մէջ սկսած են նախապատրաստական աշխատանքները: Նշուած է, որ, համաձայն քաղաքապետին յանձնարարականին, ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ Ծիծեռնակաբերդի յարակից լանջի եւ Բուսաբանական այգիի կանաչապատման ու խնամքի աշխատանքներուն: Յաղթանակ եւ Օղակաձեւ զբօսայգիներուն մէջ եւ կը շարունակուին բարեկարգման աշխատանքները:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին