Մարտ 23-25 Պուէնոս Այրէսի Մարգարիտա Խիրկուի անուան թատրոնի դահլիճին մէջ, տեղի ունեցած է «Յիշողութեան երաժշտութիւն» փառատօնը` նուիրուած Արժանթինի մէջ ռազմական յեղաշրջման եւ բռնատիրութեան վերացման 40-ամեակին: Փառատօնը կազմակերպած էր մշակութային գործիչ Խորխէ Սատը: Այս մասին ըստ «Հայերն Այսօր»ի յայտնած է արժանթինահայ տուտուկահար Գագիկ Գասպարեան, որ նոյնպէս մասնակցած է փառատօնին եւ ներկայացուցած է Հայաստանը:
«Փառատօնին կը մասնակցէին Արժանթինի մէջ ստեղծագործող անուանի երաժիշտներ, որոնք ներկայացուցին արժանթինեան ազգային երաժշտութիւնը, նաեւ ասմունքողներ կային: Ես օգտուելով առիթէն, օտար հանդիսատեսին առջեւ հնչեցուցի Կոմիտասի «Չինար ես», «Հով արէ՛ք», «Գարուն ա» եւ ֆրանսահայ երգահան Մարինա Քրիստինայի «Հայու հոգին» ստեղծագործութիւնները: Փառատօնին մասնակցութիւնս նուիրած էի Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցին: Այդ մասին հանդիսատեսին բարձրաձայնեցի ելոյթէն ետք եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ հաղորդեցի», ըսած է Գագիկ Գասպարեան:
Փառատօնի ծիրէն ներս երաժիշտը նաեւ Պուէնոս Այրէսի Մորոնի շրջանի երաժշտանոցի ուսանողներուն եւ դասախօսներուն համար, մօտաւորապէս 4 ժամեր իրականացուցած է վերապատրաստման դասընթացք` նուիրուած հայ երաժշտութեան պատմութեան եւ հայկական փողային գործիքներուն: Դասախօսութեան մասնակցած են 30 մարդիկ:
«Բացի դասախօսութենէն նաեւ նուագեցի տարբեր գործիքներով: Լսելով մեր մաքրամաքուր երաժշտութիւնը` օտարները հիացմունքի խօսքեր կը հնչեցնէին եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէին, որ Արժանթինի մէջ կը տարածեմ հայկական մշակոյթը եւ անոնց հնարաւորութիւն կու տամ ծանօթանալու մեր երաժշտութեան: Ներկաներէն մէկը ըսաւ, որ մեր երաժշտական գործիքներէն կը զգայ հայ ժողովուրդին հազարամեայ պատմութիւնը: Աղջիկ մըն ալ նկատել տուաւ, որ տուտուկի հնչիւնները անոր հոգիին այնպէս հասած են եւ այնպիսի ազդեցութիւն ձգած իր վրայ, որ կարծես կը լսէ աշխարհի ձայնը եւ տեղափոխուած կը զգայ հին դարաշրջան», իր խօսքը եզրափակած է Գագիկ Գասպարեան: