Մարտ 22-27 Թոքիոյի մէջ իրականացած է Հայկական մշակոյթի շաբաթ, որու ընթացքին տեղի ունեցած են բազմաբնոյթ ձեռնարկներ` հայ եւ ճափոնցի արուեստագէտներու մասնակցութեամբ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն:
Շաբաթը մեկնարկած է «Տայգանեամա Հիլսայտ թերաս» սրահներու համալիրին մէջ, ուր Ճափոնի «Շոկագա» միութիւնը ներկայացուցած է հայաստանեան պատկերներով ճափոնական գեղագրութեան արուեստը, ցուցադրուած են հայ ձեւաւորող եւ նկարիչ Արեւ Պետրոսեանի ու ճափոնցի գեղանկարիչ Մագոթօ Մաէտայի աշխատանքները:
Շաբթուան ընթացքին տեղի ունեցած են Արաքս Մանսուրեանի մենահամերգը` ճափոնցի դաշնակահար Թաքահիրօ Աքիպայի նուագակցութեամբ, ինչպէս նաեւ հայ եւ ճափոնցի երաժիշտներու` դասական երաժշտութեան համատեղ համերգներ: Ձեռնարկներու ծիրէն ներս կայացած են նաեւ հայկական ու ճափոնական ֆիլմերու ցուցադրութիւններ:
Մշակոյթի շաբաթը կազմակերպած էր Ճափոնի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը` Ճափոնի արտաքին գործոց նախարարութեան, Ճափոնի միջազգային համագործակցութեան գործակալութեան (JICA), համայնքային կառոյցներու, Կոմիտաս միութեան, «Կալերի Կինզա Իչոմէ» եւ այլ ընկերութիւններու աջակցութեամբ: