Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

«Թումօ»ն Աշխարհի Ամենանորարար Դպրոցը Ճանչցուած է Ֆրանսական Ամսագիրի Կողմէ

Ֆրանսական We Demain ամսագիրը աշխարհի ամենանորարար դպրոցներու տասնեակի վարկանիշ կազմած է: Առաջին տեղը Հայաստանի «Թումօ» ստեղծարար արուեսագիտութիւններու կեդրոնն է:

Տասնեակին մէջ են նաեւ այնպիսի դպրոցներ, ինչպէս Սիլիքոն հովիտի AltSchool-ը, Թոքիոյի Fuji Kindergarten-ը ու Steve Jobs Schools-ը։ Այս մասին կը յայտնէ «Թումօ»ի դիմատետրի էջը:

«Թումօ» կեդրոնը անվճար արտադպրոցական ծրագիր է, որմով 12-18 տարեկան պատանիները կ՛ուսանին սեփական յանձնառութեամբ: Առաջին «Թումօ» կեդրոնը ստեղծուած է Երեւանի մէջ` Սեմ եւ Սիլվա Սիմոնեաններու նախաձեռնութեամբ` Սիմոնեան կրթական հիմնադրամին կողմէ եւ իր դռները բացած է աշակերտներու առջեւ 2011-ի Օգոստոս 14-ին: Կեդրոնական դրամատան «Գիտելիք յանուն զարգացման» ծրագիրին շնորհիւ՝ 2013-ի Փետրուարէն «Թումօ»ն կը գործէ նաեւ Դիլիջանի մէջ (մօտ 300 ուսանող ունի)։ Այս մասին կը գրէ Panarmenian.net-ը:

«Թումօ»-ՀԲԸՄ գործակցութեամբ 2015ի Մայիսին նաեւ բացուեցաւ Գիւմրիի «Թումօ» կեդրոնը: 2015ի Սեպտեմբեր 2ին «Թումօ» կեդրոն բացուեցաւ Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ: Կեդրոնի բացում կը սպասուի նաեւ Ջաւախքի մէջ: Գործակցութիւնը միտում ունի տարածել «Թումօ»ն Հայաստանի այլ քաղաքներու մէջ, ինչպէս նաեւ երկիրի սահմաններէն դուրս:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին