ԼՂՀ կառավարութեան նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի քաղաքապետարանի աջակցութեամբ` Ապրիլ 2-ին, Երեւանի քաղաքապետարանի մեծ ճեմասրահին մէջ պիտի կազմակերպուի «Արցախի բարիքներ» խորագիրը կրող ցուցահանդէս-վաճառք: Այս մասին կը հաղորդէ «Արցախփրես»ը։
«Սա մեծ հնարաւորութիւն է արցախցի արտադրողների համար՝ իրենց արտադրանքը լայն շրջանանկներին ներկայացնելու», գրած է ԼՂՀ փոխվարչապետ Արթուր Աղաբեկեանը՝ «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ:
Ձեռնարկի կազմակերպիչներուն հաղորդած տեղեկութիւններով՝ ցուցահանդէսին մասնակցելու համար յայտ ներկայացուցած են արդէն երեք տասնեակ արցախեան կազմակերպութիւններ: