Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Քույէթցի Նախարարին Մասնակցութեամբ Երեւանի Մէջ Քուէյթի Ֆինանսաւորմամբ Տարեցներու Նոր Մասնաշէնքի Բացում

Քույէթի ֆինանսաւորմամբ տարեցներու խնամքի եւ վերականգնման Երեւանի թիւ 1 տան նոր մասնաշէնքի բացման ժամանակ, Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարեց, թէ «անհրաժեշտ է Երեւանի եւ Քուէյթի միջեւ թռիչքներ իրականացնել»: Մասնաշէնքի բացման ներկայ  եղան նաեւ Քուէյթի արդարադատութեան, կրօնական կալուածներու եւ իսլամական հարցերու նախարար Եագուպ Աբտ ալՄոհսեն ալՍանիեն, Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանը, աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեանը եւ այլ պաշտօնատարներ: Վարչապետ Աբրահամեան անհրաժեշտ համարեց գործարար կապերու սերտացման ուղղութեամբ հետեւողական քայլերու իրականացումը: Քույէթցի նախարարը իր կարգին նշեց, որ իր երկիրը մեծապէս կը կարեւորէ Հայաստանի հետ կապերու ընդլայնումը եւ պատրաստ է ներդրումային ծրագիրներու իրականացման նպատակով՝ քննարկել երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը նախագիծեր:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին