Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Զատիկ Է

Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանին մէջ  այսօր գարնանային, լուսապայծառ ու հոգեթով օր մըն է՝  Զատիկ է: Այս օրհնաբեր օրուան մէջ ուրախութեան եւ ժպիտներու տեղատարափ նշոյլներ դրոշմուած են աշակերտներու դէմքերուն վրայ:

Մարտ 23-ի առաւօտեան աշակերտները հաւաքուած բակին մէջ, պատրաստուեցան ուղղուիլ դէպի Ս. Վարդանանց առաջնորդանիստ եկեղեցի, հաղորդուելու համար Ս. Յարութեան տօնին խորհուրդով եւ ստանալու օրհնութիւնը խաչեալ ու յարուցեալ մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մարմինին եւ արեան:

Հոգեպարար արարողութենէ ետք աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ դպրոց, ուր վարժարանիս ժրաջան տիկնանց յանձնախումբի կողմէ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք երրորդէն մինչեւ իններորդ դասարան ուղղուեցան դէպի Planet Discovery:

Բաւական ճոխ ու դաստիարակչական մթնոլորտի մէջ, աշակերտութիւնը ծանօթացաւ տարբեր գիտական բնագաւառներու մասին՝ ընդունելով գիտական նոր գիտելիքներ:

Իսկ մանկամսուրէն մինչեւ նախակրթարան Բ. Դասարանի ածակերտները, այցելեցին Մանսուրիէյի Jely Bely  մանկապատանեկան զուարճավայրը, ուր ուրախ ժամանակ անցուցին նապաստակի ընկերակցութեամբ՝ պարեցին, խաղցան եւ ձեռային աշխատանքներ կատարեցին ու իրենց աշխատանքներով վերադարձան դպրոց:

Ս. Յարութեան տօնին առիթով կ’ողջունենք մեր աշկերտները, մաղթելով անոնց նորանոր յաջողութիւններ եւ թող Յարուցեալ Քրիստոսի ոգին առաւել եւս ջերմացնէ ու քրիստոնէական ոգին արմատաւորէ իւրաքանչիւր աշակերտի հոգիին եւ սիրտին մէջ:

IMG_2545

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին