Աշխատանքային այցով Ստեփանակերտ մեկնած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեան հանդիպած է ԼՂՀ իր գործընկերոջ` Կարէն Միրզոյեանի հետ:
Ինչպէս կը հաղորդեն ԼՂՀ ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն, հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են արտաքին քաղաքական օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցերու շուրջ, անդրադարձ կատարուած է նաեւ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին:
Երկուստեք կարեւոր նկատուած է միջազգային ասպարէզի մէջ համակարգուած աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը: Քննարկուած են երկու գերատեսչութիւններու եւ անոնց համապատասխան ստորաբաժանումներու միջեւ հաստատուած համագործակցութիւնը ամրապնդելու եւ ընդարձակելու եղանակներն ու ուղիները:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը այնուհետեւ հանդիպած է ԼՂՀ ԱԳՆ կեդրոնական ղեկավար կազմին հետ: