ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան շէնքի 9-րդ յարկի դահլիճին մէջ (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3) Մարտ 29-ին` ժամը 14.30-ին, տեղի պիտի ունենայ հունգարահայ համայնքի կողմէ վերահրատարակուած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող՝ «Մուսա լերան 40 օրերը» հունգարերէն թարգմանութեամբ գիրքին շնորհանդէսը: Գիրքը պիտի ներկայացնէ Հունգարիոյ Հայ ազգային ինքավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքս Աւանեսեանը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մամուլի եւ տեղեկատուութեան գրասենեակը։
2015-ի Ապրիլին Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրէն ներս, հունգարահայ համայնքին կողմէ վերահրատարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Մուսա Լերան 40 օրերը» հունգարերէն թարգմանութեամբ գիրքը:
«Մուսա Լերան 40 օրերը» առաջին անգամ հրատարկուած է 1933-ին եւ մէկ տարի յետոյ արժանացած է «Տարուան լաւագոյն վէպ» միջազգային միցանակին: Անիկա լոյս տեսած է մօտ մէկ միլիոն օրինակով եւ թարգմանուած 36 լեզուներու: Հունգարիոյ մէջ վէպը առաջին անգամ թարգմանուած եւ հրատարակուած է 1945-ին, այնուհետեւ վերահրատարակուած 1957, 1965, 1966, 1973, 1978, 2001 եւ 2015 թուականներուն: Վէպը նաեւ բեմականացուած է հունգարերէնով, ինչպէս նաեւ ազգային ռատիոյով հաղորդաշարերու տեսքով ներկայացուած քանի մը անգամ:
2015-ին գիրքը կրկին վերահրատարակուած է 100 օրինակով` խորհրդանշելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը: Գիրքի օրինակները ապակեպատ են եւ ունին իրարմէ տարբերող կազմեր, որոնք նախշազարդուած են հայկական մանրանկարչական օրինակներով: Գիրքերը ըստ էութեան յուշանուէրներ են եւ պիտի բաժնուին Հունգարիոյ պետական այրերուն, հունգարահայ համայնքին սատար կանգնող բարեխօս հունգարացիներուն, համայնքապետերուն, պետական հաստատութիւններուն եւ թանգարաններուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ Սփիւռքի եւ մշակոյթի նախարարութիւններու թանգարաններուն:
Գիրքին տպագրութիւնը հովանաւորած է Հունգարիոյ Հայ ազգային ինքավարութեան ղեկավարի տեղակալ Ալեքս Աւանեսեան, իսկ կազմերուն մանրանկարչութիւնը կատարած են Պուտափեշտի Հայ արուեստի կեդրոնի մանրանկարչութեան ուսուցչուհի Երմոնէ Զապէլ Մարթայեանն ու իր աշակերտները:
Աւստրիացի գրող եւ մարդասէր Ֆրանց Վերֆելի գրական այս ստեղծագործութեան համար հիմք ծառայած է՝ 1915-ին Կիլիկիոյ Սուէտիոյ շրջանի հայութեան հերոսական պայքարը թրքական հրոսակներուն դէմ, երբ տեղական թրքական ինքնակառավարման մարմինները փորձեցին իրականացնել հայութեան աքսորը:
Վէպը գրելու համար Վերֆելը 3 տարի Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան մօտ ուսումնասիրած է Հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը, ծանօթացած նաեւ Առաջին աշխարհամարտին վերաբերող փաստաթուղթերուն եւ զրուցած թրքական կոտորածներէն փրկուած բազմաթիւ հայերու հետ: Վէպը առաջին անգամ հայերէնով հրատարակուած է 1935-ին՝ Է. Անդրէասեանի թարգմանութեամբ, իսկ 1982-ին նկարահանուած է շարժանկար (բեմադրիչ` Ճոն Քիւրքչեան) եւ բեմադրուած Երեւանի Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան Ազգային ակադեմիական թատրոնին մէջ: Վէպի հիման վրայ 1957-ին չեխ երգահան Եոզէֆ Մադէյը գրած է համանուն օփերան, իսկ երախտագէտ հայերը գրողի մահէն յետոյ անոր աճիւնը Քալիֆորնիայէն տեղափոխած են Վիեննա եւ անոր պատուին կանգնեցուցած խաչքար:
Մահէն 50 տարի յետոյ ՀՀ-ի մէջ թողարկուած է Ֆրանց Վերֆելի դիմանկարով նամականիշ: Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին փակցուած է յուշատախտակ, որուն տակ ամփոփուած է Վերֆելի գերեզմանէն բերուած հողով սափորը:
2015 Նոյեմբեր 14-ին ՀՀ Արմաւիրի մարզին մէջ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-րդ տարելիցի եւ Ֆ. Վերֆելի ծննդեան 125-ամեակին առիթով տեղադրուած են՝ Ֆրանց Վերֆելի եւ չորս հազարէ աւելի մուսալեռցիներ փրկած ֆրանսացի ծովակալ Լուի Տարթիժ տիւ Ֆուրենի դիմաքանդակները: