Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի Նախագահը Հայ Աւետարանական Գոլէճի Մէջ

18 Մարտ 2016-ին նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, Հայ Աւետ. Գոլէճ՝ ՀԱԳ այցելեցին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի՝ ՀԱՀի նախագահ Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան եւ փոխնախագահ Պր. Աշոտ Ղազարեան: ՀԱԳի տնօրէն Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ Հայկազեան Համալսարանի արուեստից եւ գիտական բաժանմունքի դեկան ու Հայ Աւետ. Կրթական Խորհուրդի ատենապետ Դոկտ. Արտա Էքմէքճիի հետ, հիւրերը շահեկան զրոյց մը ունեցան կրթական կեանքի շուրջ, ապա շրջեցան դպրոցի շէնքէն ներս՝ ծանօթանալով անոր տարբեր բաժիններուն եւ հարուստ պատմութեան:

Նոյն օրը ՀԱԳի 10րդ, 11րդ եւ 12րդ կարգերու աշակերտները, Շամլեան-Թաթիկեան Երկրդ. Վարժարանին մէջ ներկայ եղած էին Դոկտ. Տէր Կիւրեղեանի դասախօսութեան, ուր յարգելի հիւրը աշակերտներուն ներկայացուցած էր ՀԱՀի կառոյցը եւ այնտեղ ուսանելու կարելիութիւնները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին