Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Մարտ 22-ին այցելած է Ստեփանակերտի քաղաքապետարան եւ մասնակցած քաղաքապետին առընթեր ճարտարապետական խորհուրդի նիստին, որու ընթացքին քննարկուած են շարք մը նախագիծերու իրականացման առնչուող հարցեր: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն:
Նախագահ Սահակեան կարեւոր համարած է բոլոր նախագիծերու մանրակրկիտ քննարկումը` նշելով, որ մայրաքաղաքին մէջ քաղաքաշինական ռազմավարութեան հիմնական ուղղուածութիւնը պէտք է ըլլայ քաղաքի գործառնութեան հնարաւորութիւններու ընդլայնումը եւ ճարտարապետական տեսքի բարելաւումը:
Նիստին կը մասնակցէին վարչապետ Արայիկ Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք: