Ուրբաթ, 08. 11. 2024

spot_img

Կեսարիոյ Մէջ Կը Խօսին Գաղտնի Հայերէնով` «Վարդանի Լեզուով»

*ԱՐԹՈՒՐ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Թուրքիոյ մէջ կան թեմաներ, որոնց մասին ընդունուած չէ բարձրաձայն խօսիլ: Այդ թեմաներէն են հայերու եւ հայերէնի հետ կապուած բազմաթիւ հարցեր:

NEWS.am-ը կը ներկայացնէ Քայսերիի (Կեսարիա) Էրքիլեթի թաղամասին մէջ օգտագործուող գաղտնի լեզուի` «վարդաներէն»ի (Վարդանի լեզու) հետ կապուած մանրամասնութիւններ:

Ներկայիս Քայսերիի Էրքիլեթի մէջ 50 տարեկանէն մեծ տղամարդիկ կը խօսին «վարդաներէն» կոչուող լեզուով, որ անհասկանալի է միւս թուրքերուն համար: Թուրքիոյ գիտական շրջանակները յամառօրէն չեն նշեր «վարդաներէն»ի հայերէն ըլլալը, իսկ «վարդան» բառը կը նոյնացնեն թրքերէն «վաթան» բառին հետ` պնդելով, թէ «վաթան» բառը տեղացիները փոխած են ու կ՛ըսեն «վարդան»:  Սակայն տեղացիները առանձին խօսակցութիւններու մէջ կը շեշտեն, որ իրենց իմացած «վարդաներէն»ը հայերէնն է, որ օգտագործած են մինչեւ Ցեղասպանութիւնը այդ տարածքներուն մէջ ապրած հայերը:

Ներկայիս Քայսերիի Էրքիլեթի մէջ «վարդաներէն»ով կը խօսին առեւտրականներն ու արհեստաւորները, որպէսզի այդ պահուն ներկայ յաճախորդը չհասկնայ իրենց խօսակցութիւնը:

«Վարդաներէն» լեզուին մէջ բացի գերակշիռ հայերէն բառերէն կան նաեւ արաբերէն ու թրքերէն բառեր:

«Վարդաներէն»ի մէջ օգտագործուող որոշ հայերէն բառեր. Անգին (Կին), հաւգիթ (ձու), բզդի (փոքրիկ, երախայ), ջուր, չամի (չամիչ), չիկայ (չկայ), գէշ (տգեղ), մածուն, սուճուր (սուրճ), օսկի (ոսկի):

NEWS.am

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին