Կիրակի, 15. 06. 2025

spot_img

Ծաղկազարդը Քուէյթի Մէջ

Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին ինչպէս միշտ, այսօր ալ շատ նեղ եւ փոքր երեւցաւ համայնքի անդամներուն, որոնք հանդերձ ընտանիքներով եւ փոքրիկներու գունագեղ հագուստներով, աճապարած էին հասնիլ եկեղեցի, հաւատացեալներու հոծ բազմութեան մէջ տեղ ապահովելու համար: Ծաղկազարդ է՝ Ծաղկազարդ:
Թեմիս Առաջնորդ Գերպ. Տէր Մասիս Ծ. Վրդ. Զօպույեան, մատուցեց հանդիսաւոր սուրբ պատարագը եւ օրուան խորհուրդը փոխանցեց ըսելով. «…Անոր Երուսաղէմ մուտքը թէեւ յաղթական էր, սակայն պարզ ու խոնարհ նկարագիր ու խորք ունէր: Ի՜նչ սքանչելի տեսարան: Աստուած իր փառքէն կը խոնարհի մարդուն բարձրացումին համար: Քրիստոս խոնարհութեամբ իր թագաւորութիւնը հաստատեց: …Վերջապէս Քրիստոս, Իր յաղթական Երուսաղէմ մուտքով, Աստուծոյ տաճարը մաքրեց եւ հոն արտասանեց իր նշանաւոր խօսքերէն մին. «Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի»: Հետեւաբար այսօր նաեւ մաքրուելու օր է: Մեր հոգեւոր տաճարները մաքրելու եւ Տէրը դիմաւորելու օրն է: …Այսօր սիրելի հարազատներ, որպէս այս եկեղեցւոյ զաւակները, անգամ մը եւս նոյն խոնարհութեան ու ծառայութեան ճամբով կը նորոգուի մեր ուխտը, կատարելու մեր լաւագոյնը հանդէպ մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքին: Այո, մենք տակաւին մեր առջեւ ունինք մարտահրաւէրներ, սակայն մեր ծառայութեան, միակամ ու հաւաքական աշխատանքին ու յատկապէս մեր հաւատքին դիմաց, անոնք նուաճելի կը դառնան, ինչպէս որ մեր Տէրը խոնարհութեամբ ու ծառայութեամբ նուաճեց մարդոց սիրտերը…»:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Հայր սուրբը գլխաւորեց Ծաղկազարդի թափօրը, որուն՝ Դպրաց Դասի կողքին, մաս կազմեցին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցի աշակերտները, ներկայ փոքրիկներն ու անոնց ծնողները եւ վերջապէս բոլոր հաւատացեալները:
Անկէ ետք տարիներու սովորութեան համաձայն, եկեղեցւոյ Տիկնանց Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ծաղկազարդի յատուկ ճաշկերոյթը: Հալէպահայ երգիչ Կարօ Տատաղլեան եւ Երեւանցի երգեհոնահար Արտաշ, մաս կազմեցին Տիկնանցի պատրաստած գեղարուեստական ճոխ ծրագիրին, որ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյ: Ներկաները բարձր տրամադրութեամբ եւ առատ նուէրներով բեռնաւորուած վերադարձան իրենց բնակարանները, այս անգամ օրուան գեղեցիկ յիշատակի նկարները տեղադրելու համար «Դիմատետր»ի էջերուն վրայ: Իսկապէս հաճելի ու յիշատակելի օր մըն էր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին