Չորեքշաբթի, 22. 01. 2025

spot_img

Հայկական Shadowmatic-ը IMGA-իԵրկու Անուանակարգերու Յաղթող Ճանչցուած Է

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կայացած IMGA (International Mobile Gaming Awards) մրցանակաբաշխութեան ժամանակ, հայկական Shadowmatic խաղը լաւագոյնը ճանչցուած է միանգամայն երկու անուանակարգերու մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ PanArmenian.Net-ը:

Յաւելուածը յաղթած է «Լաւագոյն ճարտարագիտական նուաճում» եւ «Հանդիսատեսի համակրանքը» անուանակարգերու մէջ:

Shadowmatic-ը հայկական Triada Studio-ի ստեղծած խաղն է: 2015 թուականի Յունիսին խաղը դարձած է Apple Design Awards-ի մրցանակակիր` դառնալով մրցանակին արժանացած առաջին հայկական յաւելուածը:

Խաղը նաեւ արժանացած է 2 մրցանակներու DevGAMM Awards-ի մէջ, ինչպէս նաեւ ճանչցուած է տարուան լաւագոյն խաղ iPhone-ի համար Չինաստանի, Հնդկաստանի եւ Ռուսիոյ մէջ, «Լաւագոյն խաղեր iPhone-ի համար» մրցանակակիր դարձած ԱՄՆ-ի, Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ մէջ: Հոնկ Քոնկի եւ Թայուանի մէջ խաղը յաղթած է «Ամենանորարարական խաղ iPhone-ի համար» անուանակարգին, իսկ Քորէայի մէջ ստացած է «Լաւագոյն պեսթսելըր iPhone-ի համար» կոչումը: Խաղը արժանացած է նաեւ բազմաթիւ այլ մրցանակներու:

IMGA-ն ձեռքի հեռախօսներու խաղերու ներկայացման յառաջատար հարթակներէն մէկն է, որուն կը ներկայացուին iPhone, Android եւ այլ համակարգերու համար նախատեսուած լաւագոյն լուծումներ: IMGA-ն կը կայանայ արդէն 12-րդ անգամ ըլլալով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին