Մարտ 15-ին ԱՄՆ-ի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան ելոյթ ունեցած է ԱՄՆ Գոնկրէսի մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ խաղաղութեան պահպանման ու երկու հայկական պետութիւններու բարգաւաճման նպաստելու եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւերուն աջակցելու նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկին: Այս մասին կը յայտնեն ԼՂՀ ԱԳՆ տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
ԼՂՀ ներկայացուցիչը իր ելոյթին մէջ երախտագիտութիւն յայտնած է յանձնախումբին ձեռնարկը կազմակերպելու համար եւ ընդգծած շարունակական ու միասնական ջանքերու կարեւորութիւնը:
Ձեռնարկին ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ ԱՄՆ-ի մէջ ՀՀ դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեան, ԱՄՆ շարք մը գոնկրէսականներ, Քալիֆորնիոյ Մոնթեպելլօ քաղաքի քաղաքապետ Ճէք Հաճինեան եւ յանձնախումբի ձեռնարկներուն մասնակցելու նպատակով Ուաշինկթըն գտնուող՝ Քերոլայն Քոքսի անուան Ստեփանակերտի վերականգնողական կեդրոնի տնօրէն Վարդան Թադեւոսեան: Ձեռնարկը կը վարէր Հայ Դատի յանձնախումբի Ուաշինկթընի գրասենեակի ղեկավար Արամ Համբարեան:
Իրենց ելոյթներուն մէջ ԱՄՆ Գոնկրէսի անդամները հաւաստիացուցած են, որ պիտի շարունակեն աջակցիլ Արցախի եւ Հայաստանի անվտանգութեան ապահովման, խաղաղութեան հաստատման ու պատմական արդարութեան վերականգնման` ընդգծելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:
Ստեփանակերտի վերականգնողական կեդրոնի տնօրէն Վարդան Թադեւոսեան իր խօսքին մէջ անդրադարձած է կեդրոնի գործունէութեան, նշելով այդ մարդասիրական ձեռնարկի կարեւորութիւնը Արցախի եւ տարածաշրջանի համար` ներկայացնելով կեդրոնի առջեւ ծառացած խնդիրներն ու մարտահրաւէրները:
Ձեռնարկին ներկայ եղած են նաեւ գոնկրէսականներու գրասենեակներու եւ ՀՀ դեսպանութեան աշխատակիցներ, քրտական եւ եզտիական քաղաքական շրջանակներու ներկայացուցիչներ, լրագրողներ եւ ամերիկահայ համայնքի անդամներ: