Արժանթինահայ բարերար Սուրէնեաններու ընտանիքին հովանաւորութեամբ՝ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը հիմնանորոգած է Արագածոտնի մարզի Մելիք համայնքի դպրոցը:
1994ի կառոյցը հիմնանորոգումէն յետոյ ստացած է նոր շունչ, նոր տանիք, դռներ ու լուսամուտներ, վերափոխուած յատակ, լուացարաններ, ելեկտրականութեան եւ ջեռուցման համակարգեր, նորակառոյց կաթսայատուն: Արդիականացուած է դպրոցին մուտքը, բարեկարգուած` բակային տարածքը: Այսօր արդէն դպրոցի 168 աշակերտները կ՛ուսանին բարեկարգ ու հիւրընկալ պայմաններու մէջ: Տնօրէն Արթուր Ղեւոնդեան կը նշէ, որ 8-10 շրջանաւարտներ իւրաքանչիւր տարի ուսումը կը շարունակեն բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու մէջ: Ուշագրաւ է, որ աշակերտները առանձնայատուկ ընդունակութիւն եւ հետաքրքրութիւն ունին յատկապէս բնագիտական առարկաներու հանդէպ:
17-րդ դարուն հիմնուած գիւղը ունի շուրջ 1300 բնակիչ, որոնք յատկապէս 1828-29ի Ալաշկերտի Ղարաքիլիսա գիւղէն գաղթածներու սերունդներն են: Համայնքի հպարտութիւնը 1895ի բազիլիկ ոճով կառուցուած Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցին է, որ թէեւ տարիներու ընթացքին ենթարկուած է որոշ վերանորոգումներու, սակայն պահպանած է իր առաջնային տեսքն ու գրաւչութիւնը: Համայնքը կը գտնուի Ապարանէն մօտ 20քմ հիւսիս-արեւելք, ծովու մակերեւոյթէն 2100 մ. բարձրութեան վրայ, եւ ունի բարձրալեռնային շրջանին բնորոշ խստաշունչ կլիմայ: