Ժամանակին բազմահազար բնակչութիւն ունեցող, Բագրատունիներու արքայատոհմի իշխանութեան ներքոյ մշակութային եւ տարածաշրջանային հզօր կեդրոն դարձած Անին՝ այսօր վերածուած է ուրուականներու լքուած քաղաքի:
Երբ կը քալես աւերակներու կողքով, միակ ձայնը, որ կրնաս լսել, Հայաստանի ու Թուրքիոյ սահմանը դարձած ձորէն եկող քամին է: Այս մասին կը գրէ BBC-ն՝ «Կայրսութիւն, որ աշխարհը մոռցած է» խորագիրը կրող յօդուածին մէջ:
«Իր ծաղկունքի շրջանին` 11-րդ դարուն, գիտնականները կ՝ենթադրեն, որ Անին ունեցած է 100 հազար բնակչութիւն, որ աւելին է, քան այն ժամանակուան Փարիզի եւ Լոնտոնի բնակչութիւնը միասին: Յայտնի իբրեւ «1000 ու մէկ եկեղեցիներու քաղաք»` Անիի հայ ղեկավարներն ու առեւտրականները հիմնած են զգալի թիւով պաշտամունքի վայրեր, որոնք բոլորն ալ ձեւաւորուած են այդ ժամանակաշրջանի մեծագոյն ճարտարապետական եւ գեղարուեստական ոճով», գրած է բրիտանական լրատուամիջոցը:
Յօդուածի հեղինակ Ժոզէֆ Ֆլահերթին կը նկարագրէ Անիի մէջ կիսականգուն մնացած հայկական եկեղեցիները` Անիի Մայր տաճարը, Սուրբ Փրկիչը, Ապուղամրենց Սուրբ Գրիգորը, Տիգրան Հոնենցը, կ՛անդրադառնայ Անիի ստորգետնեայ կառոյցներուն եւ պարիսպներուն:
Ան կը փաստէ, որ թէեւ Անին շատ յաճախ վերածուած է պատերազմական թատերաբեմի, սակայն անոր աւերակները այսօր կը ներկայացնեն պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններ, երբ քաղաքը տեսած է մշակոյթներու, կրօններու եւ գեղարուեստական տարրերու տարբեր շրջափուլեր: