*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Սիրելիներ,
Ի «հպարտութիւն» եւ «ուրախութիւն» լիբանանցի ժողովուրդիս, այսու կու գամ տեղեկացնելու, որ շնորհիւ Լիբանանի (ան)պատասխանատուներուն, Լիբանան յաջողեցաւ անգամ մը եւս բարձրանալ միջազգային բեմ՝ այս անգամ արժանանալով համաշխարհայնօրէն տարածուն «Տը Ուիք» (The Week, «Շաբաթը») շաբաթաթերթի 6 – 12 Մարտ 2016 թուակիր համարի կողքի հիմնական (երգիծա)նկարը ըլլալու… ուր կ՛երեւի վարչապետ Սալամ, որ առագաստանաւը կը վարէ աղբերու նայլոնէ տոպրակներու վրայէն, շուրջ բոլորը ճանճեր, որոնցմէ հատ մըն ալ իր քիթին վրայ կեցած է։ Այդ (ողբերգա)նկարը վերնագրուած է «Լիբանանը Կ՛ընկղմի՞» եւ ենթավերնագրուած՝ «Աղբի Գետ Մը Կը Հոսի Պէյրութի Մէջէն»՝ նշելով, որ այս նիւթը համարի էջ 6ի վրայ է։
Իսկ սոյն շաբաթաթերթի 6րդ էջին վրայ տրուած լուրը անշուշտ անդրադարձած է, մեզի ու «Սի Էն Էն» հեռատեսիլի արբանեակային կայանին միջոցով աշխարհին ալ ծանօթ դարձած՝ աղբագէտի լուսանկարով ընկերակցուած Լիբանանի աղբի հարցին, զայն վերնագրելով «Աղբերու Գետ. Լիբանանի Գործելու Անկարողութիւնը»…:
Լիբանանի համար այս մէկը մե՜ծ պատիւ է չէ՞…:
Ի տես այս «հպարտառիթ» լուրին, ի՞նչ կը մնայ տակաւին մեզի ըսելիք, բացի՝ համտըլլա...: