Ֆրանսացի գրող եւ թատերագիր Օկտաւ Միրպոյի «Ժան Ռուլ» փիեսի բեմադրութեամբ, սկսած է Թիֆլիսի հայկական թատրոնի նոր շրջանը` պետականի մակարդակի արժանանալու փուլը: Ըստ «Արմէնփրես»ի այս մասին կը յայտնէ Լեւոն Արզոյեան։
Ֆրանսացի թատերագիրի գործին անդրանիկ ներկայացումը կայացած է ճիշդ 95 տարիներ առաջ` 1921 թուականի Մարտ 10ին: Այդ բեմադրութիւնը իրականացուցած է թատերախումբի դերասան Արտեմ Բերոյեան. թէեւ խումբի հիմնական բեմադրիչը եղած է Իսահակ Ալիխանեան: Այսպիսով թատերական այս խումբը հաստատած է «Պետական Թատրոնի» կարգավիճակ ստանալու փաստը: Այդ հանգամանքը ոգեւորած է թատերախումբի անդամները, որուն իբր արդիւնք ընդամէնը 24 օրուան ընթացքին, թատրոնը ունեցած է հինգ ներկայացումներ: Առաջին ներկայացումէն ընդամէնը երկու շաբաթ անց` Մարտ 24-ին, թիֆլիսահայ թատերասէր հանրութեան ներկայացուած է ռուս մեծ գրող Նիքոլայ Կոկոլի «Ամուսնութիւն» կատակերգութիւնը, զոր բեմադրած է Լեւոն Քալանթար: Ապա երկու օր անց՝ Մարտ 26-ին նշեալ թատերական խումբը իր հանդիսատեսը հրաւիրած է նոր ներկայացումի : Այս անգամ Իսահակ Ալիխանեանի բեմադրութեամբ ներկայացուած է ՝ Վ. Վարագեանի «Երջանկութիւն» թատերգութիւնը:
Անդրանիկ ներկայացումներու այս շքերթէն տակաւին ուշքի չեկած՝ թիֆլիսահայ թատերասէրներուն Մարտ 30ին հրամցուած է նոր ներկայացում մը, որուն բեմադրիչը դարձեալ եղած է Լեւոն Քալանթարը: Այս անգամ բեմադրած է գերմանացի թատերագիր Ֆրիտրիխ Շիլլէրի «Սէր եւ խարդաւանք» գործը:
Ներկայացումները արժանացած են թէ ՛ հանդիսատեսի եւ թէ թատերագէտներու ջերմ ընդունելութեան:
Մարտ ամսուան յաջողութիւնները իրօք եղած են ոգեւորիչ: Եւ նոյն տարուան Ապրիլ 2-ին, Իսահակ Ալիխանեանի բեմադրութեամբ ներկայացուած է Յակոբ Պարոնեանի «Պաղտասար Աղբար» կատակերգութիւնը, որ նոյնպէս արժանացած է բարձր գնահատականի:
Թատրոնը իր ներկայացումներու շրջանը փակած է Յունիսի վերջերը. ապա բաժնուելով երկու խումբերու մեկնած է հիւրախաղերու: Խումբերէն մէկը, զոր կը ղեկավարէր Իսահակ Ալիխանեանը, գացած է Վրաստանի հայաշատ շրջաններ, իսկ միւսը՝ Ստեփան Քափանակեանի եւ Լեւոն Քալանթարի ղեկավարութեամբ` Հայաստան: Այս խումբին մէջ եղած են Օլկա Մանսուրեանը, Արուս Ոսկանեանը, Մարի Բերոյեանը, Զապէլը, Խորէն Աղաբաբեանը եւ ուրիշներ: Երեւանեան հիւրախաղերը պսակուած են աննախադէպ յաջողութեամբ, այնպէս որ Հայաստանի իշխանութիւններուն խնդրանքով՝ խումբին մէկ մասը մնացած է Երեւան եւ ստեղծած Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնը, որ այսօր իրաւամբ կը համարուի Հայաստանի մայր թատրոն: Գ. Սունդուկեանի անուան թատրոնը եւս այս տարի պիտի նշէ իր հիմնադրութեան 95ամեակը:
Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան հայկական դրամատիկական թատրոնը, որ այսօր գործող հնագոյն հայկական թատրոնն է աշխարհի մէջ, կը շարունակէ ապրիլ: Անիկա հիմնադրուած է 160 տարիներ առաջ եւ անոր ակունքներուն մէջ կանգնած կը մնան առաջին հայ մասնագէտ դերասան Գէորգ Չմշկեանը եւ հայ իրապաշտական թատերագրութեան հիմնադիր Գաբրիէլ Սունդուկեանը: Գէորգ Չմշկեանի յորդորով Պոլիսէն Թիֆլիս գացած են Պետրոս Ադամեանը, Սիրանոյշը եւ քանի մը այլ նշանաւոր դերասաններ, որոնք յետագային դարձան հայ թատերական արուեստի երեւելի դէմքեր: