Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Նոր Հրատարակութիւններ

Պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ

– Ա. Կեսար, «Այնթապի Գոյամարտը», հայերէնէ թարգմանիչներ՝ Մուրաթ Ուչաներ եւ Ումիթ Քուրթ, «Պելկէ» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2016, 198 էջ (քեմալական ուժերուն դէմ Այնթապի հայութեան գոյամարտը 1920-1922 թուականներուն):

– Աղպաշեան Համբարձում, «Հայոց Ցեղասպանութեան Իրողութիւնը Ճանչցած Թուրք Մտաւորականներ», հրատարակութիւն «Նոր Օր» շաբաթաթերթի, Փասատենա, 2015, 140 էջ (անգլերէն):

– Աճէմեան Արամ, «Հայաստանի Կանչը – Գանատայի Արձագանգը Հայոց Ցեղասպանութեան», հրատարակութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Գանատայի Յանձնախումբի, Թորոնթօ (Գանատա), 2016 (անգլերէն):

– Ամապիլէ Ֆլավիա եւ Տոսաթթի Մարքօ, «Հալէպի Պարոնները – Սուրիոյ Մէջ Պանդոկ Մը, Ընտանիք Մը Եւ Միջին Արեւելքի Վերջին Հարիւր Տարին», «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2016 (Մազլումեան ընտանիքին պատկանող՝ Հալէպի հռչակաւոր «Օթէլ Պարոն»ը եւ աշխարհի հոն իջեւանած երեւելիները) (թարգմանութիւն իտալերէնէ թրքերէն):

– Աւետիսեան Ժոզէֆ, «Երեմիա Քէօմիւրճեանի Պատմագիտական Աշխատութիւնները Որպէս Սկզբնաղբիւր Օսմանեան Կայսրութեան Եւ Արեւմտահայութեան Պատմութեան (17-րդ Դարի 3-րդ Քառորդ)», «Գասպրինտ» տպագրատուն, Երեւան, 2016, 183 էջ (Ա-5) (17-րդ դարի երկրորդ կէսի պոլսահայ մտաւորականի պատմագրական երկերու պատմա-բանասիրական-աղբիւրագիտական աշխատասիրութիւն, ծանօթագրութիւններ, օտար բառերու բացատրական բառարան, օգտագործուած գրականութեան ցանկ):

– Եարման Արսէն, «Հայ Բժշկական Միութիւն (1912-1922) – Օսմանեան Պետութեան Մէջ Բժշկական Քաղաքականութիւն Կերտող Հաստատութիւն Մը», «Փարոս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2016, 480 էջ (տուեալ միութեան գործունէութիւնը, տեղեկութիւններ հայազգի 490 բժիշկներու եւ 100 դեղագործներու մասին, լուսանկարներ) (թրքերէն):

– Խարալամպիտէս Եիաննոս, «Պատերազմի Մոլեգնումը», Նիկոսիա, 2016 (Արցախեան հակամարտութեան մասին) (անգլերէն):

– «Կոմիտաս Եւ Հայ Երաժշտութիւնը», թարգմանիչ՝ Դոկտ. Նորա Արիսեան, վերստուգումը՝ Մայէսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի, Դամասկոս, 2016, 160 էջ (հայերէնէ արաբերէնի թարգմանուած ուսումնասիրութիւններու եւ յօդուածներու ժողովածու):

– «Հայոց Ցեղասպանութիւնը 100 Տարի Ետք – Հետազօտութիւններ, Քննարկումներ», «Իլէթիշիմ» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2016 (2015-ին Փարիզի մէջ կայացած եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գիտաժողովին նիւթերը) (թրքերէն):

– Հայրենի Յովսէփ, «Վերին Եփրատի Հայերը – 1915-ը Եւ Տերսիմը», «Պելկէ» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2016 (ապտուլհամիտեան եւ երիտթրքական կոտորածները, հայոց անպատրաստութիւնը եւ Տերսիմի մէջ մնացած հայոց վիճակը) (թրքերէն):

– Յովնանեան Ռոմիկ, «Գաղտնի Բանակ – Պատմութիւն Կերտողները – Գուրգէն Եանիգեանը Եւ ԱՍԱԼԱ-ի Անձնասպանական Գործողութիւնները», խմբագիր եւ սրբագրիչ՝ Գէորգ Եազըճեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2015, 144 էջ (ներկայացուած են Գուրգէն Եանիգեանի, «Վան», «Կարին» եւ «Յակոբ Յակոբեան» հակաթրքական անձնասպանական գործողութիւնները, անոնց առնչուած յայտարարութիւն/հաղորդագրութիւններ, լուսանկարներ, եւ այլն):

– Շամմասեան Վահրամ, «Մուսա Լերան Հայերը – Հասարակական-Տնտեսական Եւ Մշակութային Պատմութիւն 1919-1939», հրատարակիչ՝ Հայկազեան Համալսարան, տպարան «Շիրակ», Պէյրութ, 378 էջ + 20 էջ լուսանկարներ (աղբիւրային շատ հարուստ հիմքի վրայ հեղինակուած հանրագիտարանային բնոյթի աշխատութիւն՝ մուսալեռցիներու կեանքի շատ եւ շատ մարզերու մասին, տախտակներ, լուսանկարներ) (Ա-5):

– Սառիկեան Յակոբ, «Յիշողութիւններ 1878-1924», Հայաստանի Ազգային Արխիւի հրատարակութիւն, հրատարակութեան պատրաստողներ Ամատունի Վիրաբեան եւ Էտկար Յովհաննիսեան, ներածութիւնը Էտկար Յովհաննիսեանի, Երեւան, 2015, 420 էջ (Ա-5) (Խանասորի արշաւանքի մասնակից, յետագային Տէր Յակոբ Քահանայ, 1918-1921-ին Հիւսիսային Կովկասի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի հիւպատոս Կիրակոս Սառիկեանի յուշերը հայոց ազատագրական շարժման, Մեծ Եղեռնի գաղթականութեան եւ ուրիշ իրադարձութիւններու մասին, ծանօթագրութիւններ):

– «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Անելիք Ունի՞, Թէ՞ Չունի», հրատարակութիւն Հայկական Ուսումնասիրութիւնների ԱՆԻ Կենտրոնի, Երեւան, 119 + 185 + 143 + 143 + 167 էջ (Ա-5):  (ժողովածուին մէջ մէկտեղուած են հետեւեալ հրապարակումները, որոնք նախապէս լոյս տեսած են անջատ գրքոյկներու եւ/կամ մամուլային յօդուածաշարքի տեսքով. Յովհաննէս Քաջազնունի, «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի Այլեւս»։ Սիմոն Վրացեան, «Խարխափումներ – Յովհաննէս Քաջազնունիի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը Անելիք Չունի Այլեւս» Գրքի Առիթով»։ Արշակ Ջամալեան, «Յ. Քաջազնունին Եւ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը»։ Ռուբէն Դարբինեան, «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի»։ Վահան Նաւասարդեան, «Հ. Յ. Դաշնակցութեան Անելիքը – Մտքեր Եւ Յուշեր Մի Գրքոյկի Առիթով»: Նշուած հինգ գրքոյկները լոյս տեսած են նաեւ առանձին տարբերակներով՝ անջատ հրատարակութեամբ: Ս. Վրացեանի գիրքի վերահրատարակութեան տպագրութեան աջակցած է գերմանաբնակ Անդրանիկ Միքայէլեանը):

– Օգնայեան Սագօ (աշխատասիրեց), «Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակ (ԱՍԱԼԱ). Վաւերագրութիւն Զինեալ Եւ Հրատարակչական Գործունէութեան», հրատարակութիւն Լիբանանի «Սփիւռք» պարբերաթերթի, Նուշիկեան Ասոցիացիա, Երեւան, 2014, 152 էջ (17 x 24 սմ.) (Հ. Ա. Հ. Գ. Բ.ի կատարած գործողութիւններուն ամբողջական ցանկը, նահատակուած եւ մահացած անդամներուն ցանկը, հրատարակած գիրքերուն, գրքոյկներուն եւ որմազդներուն ամբողջական ցանկերը):

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին