Այսու լիբանանահայ մշակութասէր հանրութեան կը տեղեկացնենք, թէ Թէքէեան Մշակութային Միութեան Լիբանանի Տեղական նոր Վարչութիւնը իր նոր կազմով առաջին ժողովին ըտրեց իր դիւանը հետեւեալ կազմով.-
Տոքթ. Վիգէն Ասիլեան (ատենապետ), Տիրան Սարգիսեան (փոխ-ատենապետ), Լենա Պասմաճեան (ատենադպիր), Արա Գոյունեան (գանձապահ), Արմէն Վայէճեան, Ռաֆֆի Տօներեան, Գէորգ Խաչերեան, Կարօ Գինոյեան, Լենա Այտընեան, Սարօ Վարդիվառեան, Վանիա Սարգիսեան եւ Երուանդ Թագւորեան՝ խորհրդականներ:
Վարչութիւնս իր անդրանիկ ժողովին արժեւորեց ԹՄՄ սփիւռքատարած առաքելութիւնը, քննական գնահատում կատարեց լիբանանահայ մշակութային կեանքին, ընդգծեց իր դերը լիբանանահայ մշակութային կեանքի վերելքին մէջ, վերասահմանեց իր նպատակները՝ խթանելու լիբանանահայ մշակոյթի այժմէականացումն ու թարմացումը:
Վարչութիւնս շեշտեց լիբանանահայ մշակոյթի աշխուժացման կենսականութիւնը՝ իբրեւ Սփիւռքի հայապահպանութեան գործօն, կարեւորեց լիբանանահայ մշակութային կեանքին տեղն ու դերը Միջին Արեւելքի հայագաղութներու մշակութային աշխուժացման մէջ:
Վարչութիւնս լիբանանահայ քոյր մշակութային միութիւններու հետ գործակցութեան հիմամբ, բանաձեւելով ռազմավարական յստակ գործունէութեան ծիր թէ՛ նպատակներու եւ թէ՛ ունկնդիր հանրութեան առումով եւ ճշդելէ ետք իր հնարաւորութիւնները, մշակեց 2016-2017 տարեշրջանի իր գործունէութեան դաշտը, որ կ’ընդգրկէ.-
- Հրապարակային Դասախօսութիւններ՝ հայ արուեստի անցեալի նուաճումներուն եւ ներկայի իրագործումներուն մասին:
- Մեծարանքի Ձեռնարկներ՝ լիբանանցի հայ թէ արաբ մշակութային երախտաւորներու, անոնց ստեղծագործական կեանքին մատուցումով:
- Թատերական Ներկայացում՝ ԹՄՄ Երուանդ Օտեան Թատերախումբի, ժամանակակից խնդիրներու իրապաշտ բեմականացումով:
- Երաժշտական Նուագահանդէս եւ ԹՄՄ Big Band Համոյթի տարեկան ելոյթ:
- Յետահայեաց Ցուցահանդէս արեւմտահայ մշակութային արժէքներու:
- Գիտական Լուսանկարներու Ցուցահանդէս:
Վարչութիւնս վերոյիշեալ ձեռնարկները կը ձօնէ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ Հանրապետութիւններու 25ամեայ յոբելեանին:
Վարչութիւնս վստահ է որ այս ձեռնարկները, որոնք հանրութեան պիտի ներկայացուին պարբերաբար, պիտի յաջողին իրենց նպատակներուն մէջ եւ պիտի արժանանան հանրութեան գնահատանքին ու փայլուն էջ պիտի կազմեն լիբանանահայ մշակութային այս դժուարին տարիներու տարեգրութեանց մէջ:
ԹՄՄ Լիբանանի Տեղական Վարչութիւն
8 Մարտ 2016