«Զարթօնք»ի խմբագրակազմի անդամ
Ամէն անգամ, որ հարց տրուի դերասան կամ դերասանուհիի մը, թէ որպէս աշխատանքի դաշտ ո՞ր մէկը աւելի նախընտրելի է իրեն՝ թատրոնը կամ սինէման, ընդհանրապէս թատրոնը կ’ըլլայ պատասխանը: Ի հարկէ բեմի վրայ խաղալու հաճոյքը եւ մանաւանդ վարպետութիւնը տարբեր է:
Լիբանանահայ գաղութը քաղցած է թատրոնի՝ այս գեղեցիկ արուեստին: Եւ ահաւասիկ ՀԲԸՄի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան՝ ՀԵԸի Վահրամ Փափազեան թատերախումբը կը ներկայացնէ, որպէսզի հայ հանրութեան քաղցը յագեցնէ, Վարդան Մկրտիչեանի հեղենակութեամբ եւ բեմադրութեամբ պատրաստուած՝ «Առանց Տաբատի Անձնասպանը» կատակերգական ներկայացումը: Թատերական քաղցի հեւքով ներկայացանք Յակոբ Տէր Մելքոնեան թատերասրահ, որպէսզի մենք ալ յագենանք թատրոնի հրամցուցած արուեստի բաժակէն:
«Առանց Տաբատի Անձնասպանը» թատերախաղը կը խօսի անձնասպանի մը մասին, որ վստահ չէ իր որոշումէն: Խաղարկութինը կը սկսի «անձնասպանին» պատկերով, որ կամուրջի վրայ կեցած, վիզէն քար կախած անձնասպանութեան յարմար ժամուն կը սպասէ: Զանազան միտքեր զինք կը տանին ու կը բերեն՝ անձնասպանութեան որոշումը առնէ թէ՞ չէ:
Կամուրջին վրայ կը հանդիպի այլ յուսահատ մարդու մը, որ նոյն «քաջասրտութեամբ»՝ անձնասպանութեամբ կ’ուզէ լուծել կեանքի հարցերը: Եղելութիւնները կը թաւալին այնպէս մը, որ երկու «անձնասպան»ները մէկ տան մէջ կը գտնեն իրենք զիրենք: Եւ հոս կը սկսին իրարայաջորդ ծիծաղելի դէպքերը: Թէ ո՞վ անձնասպան կ’ըլլայ եւ ինչե՞ր կը պատահին, այս մէկը կը թողում, որ դուք անձամբ երթաք թատրոն, դիտէք ներկայացումը եւ գիտնաք պատմութիւնը:
Մի քանի նկատողութիւններ թատերական ուրուագիծի (scenario) կապակցութեամբ: Հարցում ՝ ու՞ր կը պատահին թատերախաղի դէպքերը: Արեւմտահայերէն լեզուի գործածութիւնը կը մատնանշէ այն հաւանականութիւնը, թէ սփիւռքեան տարածքի որեւէ մասի վրայ կրնան պատահիլ անոնք: Երկրորդ հարցում՝ Սփիւռքի ո՞ր անկիւնին մէջ, հայ հանրութիւնը թատերախաղին հրամցուցած բառամթերքը կը գործածէ: Հայրենիքի մէջ տաշուած եւ մշակուած արուեստ է թատրոնը, առաւել եւս անոնք կը գործածեն ժողովուրդի հարազատ արտայայտութիւններ եւ դարձուածքներ, որոնցմով այնքան հարուստ է արեւելահայերէնը: Իսկ մեր բեմէն կը լսէինք բառեր եւ արտայայտութիւններ, որոնք ամենեւին կապ չունին մեր առօրեայ խօսակցութեան հետ: Ականջի ծանր հնչող բառերու կողքին, յանկարծ լսեցինք «ծօ» եւ «յայտէ» բառերը:
Հեղինակին ներողամտութիւնը խնդրելով փոքր նկատողութիւն մը՝աւելի պատշաճ է ժողովուրդին իրենց լեզուով խօսիլ: Այս կ’ըսեմ մեր բոլոր հեղինակներուն, թատերական ուրուագիծ պատրաստելու կապակցութեամբ: Թատրոնը թող չըլլայ այն միակ տեղը, ուր հայ հանրութեան մաքուր հայերէն խօսիլ սորվեցնենք: Նկատելով, որ «ծօ» եւ նման բառեր ալ գործածուեցան, մեր առօրեային մէջ «ամենեւին» կամ «բոլորովին» եւ նմանօրինակ բառերը քանի՞ անգամ կը գործածենք:
Երկրորդ նկատողութիւն ՝ դերակատարները բոլոր իրարու հետ յոգնակի կը խօսէին: Արդեօ՞ք մեր թաղերէն ներս պտըտած ժամանակ նման արտայայտութիւններ կը լսենք: Մէկ խօսքով այս իմաստով թատերական ուրուագիծը շատ յարմար (relevant) չէր մեր առօրեային:
Երրորդ նկատողութիւն մը եւս: Դէպքերու յաջորդականութիւնը եւ պատմութեան ընդհանուր կառոյցը շատ յաջող էին: Վարպետութեամբ գրուած հիւմըրներ կային, որոնք ներկաները, հայաստանեան արտայայտութեամբ ճիկարով խնդացուցին: Բայց բեմադրական վրիպակ մը կար. շատ գեղեցիկ անեքդոտներ այնքան հապճեպով եւ առանց տուեալ դէպքին վայրկեանը ապրեցնելու կ’ըսուէին, որ ներկաներէն ոչ ոք կը նկատէր զանոնք: Եթէ աւելի լաւ բեմադրուած ըլլային, կրնային սրահի մթնոլորտը աւելի խանդավառել:
Չորրորդ նկատողութիւն ՝ քայլաչափը (pace): Քիչ մը լիբանանցի թատրոնի դերասան Ժօրժ Խապպազը կը յիշեցնէր մեզի: Արագ շարժումներով եւ խօսակցութեան եղանակով:
Հինգերորդ նկատողութիւն ՝ դերասաններն ու դերակատարութիւնը : Յարութ Թորոսեան մեր գաղութէն ներս արդէն ծանօթ դէմք մը դարձած է որպէս դերասան: Կրնանք վաստակաւոր կոչել զինք: Ան իր հանդարտ եւ ինքնավստահ դերակատարութեամբ եւ առաւել առոգանութեամբ , իրէն տրուած բաժինի պատգամ յստակ կերպով ներկայացուց : Այլ աստղ մըն ալ կար Յարութի կողքին , սպասուհին՝ Շուշան Քէշիշեանը: Հրաշալի խաղարկութիւն: Կրնամ ըսել , Յարութ Թորոսեանէ ետք երկրորդ գլխաւոր թերակատարն էր : Մնացած դերակատարներն ալ, որպէս ոչ արհեստավարժ դերասաններ լաւապէս ներկայացուցին իրենց վստահուած կերպարները:
Այս բոլորը ըսելով չկարծէք, թէ այս գործը որեւէ աղարտ ունի իր մէջ: Նշուածները պարզապէս քննադատի աչքով տեսնուած փոքր նկատողութիւններ են: Մեծ գնահատական ՀԲԸՄի ՀԵԸի Վահրամ Փափազեան թատերախումբին, որովհետեւ հակառակ մեր ապրած տնտեսական ծանր տագնապին, քաջութիւնը ունեցան թատերական ինքնուրոյն գործ մը ներկայացնել հայ հանրութեան, նման ձեռնարկի մը յաջողութեան համար բոլոր զոհողութիւնները նկատի առնելով: Գնահատանք հեղինակ եւ բեմադրիչ Վարդան Մկրտիչեանին, որովհետեւ ընդհանուր գործը սքանչելիօրէն գրած էր. ինքնատիպ ստեղծագործութիւն: Ի միջի այլոց աւելցնեմ, թէ գրածիս վերնագիրը «Առանց Տաբատի Անձնասպանը»ին՝ բեմէն արտասանած վերջին խօսքերէն են:
Երբ թատերասրահէն դուրս ելլանք , տիկինս ըսաւ ինծի ՝ պէտք ունէի այսպէս ( ի) սրտէ խնդալու : Այո , ըսի , իսկապէս հոյակապ էր : Յուսամ մեր ժողովուրդը կը քաջալերէ այս գործը , որպէսզի առաւել յաճախականութեամբ նման թատերական ներկայացումներ կրկնուին :